Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի դարձեալ սպառնաց հարաւային Լիբանանի շարք մը գիւղերու բնակիչներու` յայտնելով. «Ցնոր տնօրինութիւն ձեզի արգիլուած է ուղղուիլ հարաւ` դէպի գիւղերու գիծն ու անոր մերձակայքը»:
Ատրահի հարաւային Լիբանանի բնակիչներէն պահանջեց չվերադառնալ հետեւեալ գիւղեր` Տհէյրա, Թիպէ, Թիրի, Նաքուրա, Ապու Շաշ, Ըպըլ Սաքքա, Պայատա, Ժըպպին, Խրէյպէ, Խիամ, Խըրպէ, Մաթմուրա, Մարի, Ըտէյսէ, Քլէյաա, Ըմ Թութէ, Սալիպ, Առնուն, Պընթ Ժպէյլ, Պէյթ Լիֆ, Պլիտա, Պանի Հայան, Պըսթան, Այն Արապ Մարժաայուն, Տըպպին, Տըպաալ, Տէյր Միմաս, Տէյր Սրիան, Հուլա, Հալթա, Հանին, Թէյր Հարֆա, Եըհմոր, Եարուն, Եարին, Քֆարհամամ, Քֆարքիլա, Քֆարշուպա, Զալլութիէ, Մհայպեպ, Մէյս Ժապալ, Մէյսաթ, Մարժաայուն, Մարուահին, Մարուն Ռաս, Մարքապա, Ատշիթ Քուսէյր, Այն Ըպըլ, Այնաթա, Այթա Շաապ, Այթարուն, Ալմա Շաապ, Արապ Լուէյզէ, Քաուզահ, Ռուպ Թլաթին, Ռամիէ, Ռմէյշ, Ռաշայա Ֆըխխար, Շըպաա, Շայհին, Շամհ եւ Թալլուսա:


