Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Դէպի Լիբանան Սուրիական Գաղթի Պատճառը Ամբողջովին Չքացաւ, Ուստի Ոեւէ Սուրիացի Գաղթականի Կեցութեան Համար Որեւէ Պատճառ Կամ Արդարացում Չկայ»

December 12, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Սուրիական վարչակարգին տապալման հարցը կը դիտենք բացառապէս Լիբանանի շահի տեսանկիւնէն»` շեշտելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան առաջին պահէն անհետ կորսուածներու եւ առեւանգուածներու ճակատագիրի բացայայտման համար տարած աշխատանքը:

Պասիլ իր ղեկավարած կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստի ընթացքին ներկայացուց այն առիթներն ու վտանգները, որոնք կրնան ի յայտ գալ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մեծ փոփոխութենէն:

Ան իր խօսքը Սուրիոյ վարչակարգի տապալումը տօնողներուն ուղղելով յայտնեց. «Ունիմ այն մտավախութիւնը, որ իր գերեզմանին վրայ պարողին նման կը պարէք, եւ պիտի գայ օր մը, որ ատոր համար զղջաք»:

«Որեւէ սուրիացի գաղթականի լիբանանեան հողերուն վրայ մնալու որեւէ պատճառ կամ պատճառաբանութիւն չկայ, ուստի անոնք պէտք է արագօրէն իրենց երկիրը վերադառնան, եւ մասնաւորաբար միջազգային ընտանիքին մէջ ոչ ոք պատրուակ ունի անմիջական տունդարձի իրագործման դէմ: Հետեւաբար, մեկնելով այս իրողութենէն, սուրիացի գաղթականներու բարձրագոյն գործակալութեան կոչ կ՛ուղղեմ` փակելու սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը եւ դադրեցնելու Լիբանանի մէջ անոնց տրուող օգնութիւնները, բացի իրենց երկիր վերադարձի օգնութենէն, եւ անմիջապէս սկսելու տունդարձի քայլերու գործադրութեան», շեշտեց Պասիլ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին համաձայն, Սուրիոյ վարչակարգի տապալումը պիտի կտրէ Դիմադրութեան առանցքին մէջ հաղորդակցութեան կապը, ինչ որ պիտի դժուարացնէ Հըզպալլայի զէնքի մատակարարումը, ուստի Լիբանանի` Դիմադրութեան առանցքին իբրեւ մաս նկատուիլը պիտի դադրի, ինչ որ Լիբանանին կրնայ օգնել ինքզինք զերծ կացուցելու առանցքներու քաղաքականութենէն ու պատերազմներէն:

Նախորդը

Հըզպալլա. «Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Գոյացութեան Նպատակներու Իրագործումը Արգիլելու Բոլոր Քայլերը Որդեգրել»

Յաջորդը

Պըրրի. «9 Յունուարին Հանրապետութեան Նախագահ Պիտի Ունենանք»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.