Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա. «Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Գոյացութեան Նպատակներու Իրագործումը Արգիլելու Բոլոր Քայլերը Որդեգրել»

December 12, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` նշելով, որ Իսրայէլի սուրիական յաւելեալ հողեր գրաւելն ու Սուրիոյ զինուորական կարողութիւնները հարուածելը վտանգաւոր եւ բուռն կերպով դատապարտելի յարձակում է, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, միջազգային ընտանիքը եւ արաբական ու իսլամական պետութիւնները կը կրեն զայն մերժելու, անոր վերջ տալու եւ ներկայ նուրբ եւ իր պատմութեան մէջ առանցքային փուլին սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը:

«Մենք միշտ զգուշացուցինք ամբողջ շրջանին մէջ իսրայէլեան ախորժակներէն եւ անոնց դիմադրեցինք` արգիլելու համար, որ բռնագրաւումը իր նպատակները իրագործէ, եւ կրկնեցինք, որ Կազայի վրայ յարձակումը ցեղասպանական պատերազմ է եւ մեկնակէտ` փոխելու շրջանի պատկերն ու վերջ տալու պաղեստինեան դատին», նշեց կուսակցութիւնը:

Հըզպալլա յայտնեց, որ պէտք է Իսրայէլի  նպատակները իրագործել արգիլող բոլոր քայլերը որդեգրել եւ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին վրայ այս յարձակումին նկատմամբ լուռ կամ դիտողի կարգավիճակին մէջ չմնալ:

Հըզպալլա նշեց, որ այն, ինչ որ այսօր Սուրիոյ մէջ ժողովրդային ու քաղաքական մակարդակներու վրայ տեղի կ՛ունենայ եւ անոնց հետեւանքով ներքին եւ արտաքին քաղաքական ընտրանքները բացառաբար սուրիացի ժողովուրդին իրաւունքն են` անկախ արտաքին որեւէ ազդակէ եւ ճնշումէ:

«Մենք կը յուսանք, որ Սուրիան որդեգրէ իր զաւակներուն եւ իր վերելքը ապահովող ընտրանքներ, եւ իսրայէլեան բռնագրաւումը մերժող դիրքորոշման տէր ըլլայ` արգիլելով իր հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնները: Պիտի շարունակենք թիկունք ըլլալ Սուրիոյ` իր ապագայի ստեղծման եւ իր թշնամիին` սիոնական գոյացութեան դիմակայման մէջ», յայտարարեց Հըզպալլա:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Դէպի Լիբանան Սուրիական Գաղթի Պատճառը Ամբողջովին Չքացաւ, Ուստի Ոեւէ Սուրիացի Գաղթականի Կեցութեան Համար Որեւէ Պատճառ Կամ Արդարացում Չկայ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.