Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեմփիընզ Լիկ. Ռէալ Մատրիտ, Պայերն Միւնիխ, Լիվըրփուլ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեցին

December 12, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ շաբթուան մրցումներուն, ախոյեան Ռէալ Մատրիտ կրցաւ 3-2 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ Աթալանթայի դաշտէն, մինչ Ինթեր Միլան չկրցաւ դրական արդիւնքով վերադառնալ Գերմանիայէն, ուր պարտութիւն մը կրեց Պայեր Լեւերքուզընէն` ստանալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին կոլը:

Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով դժուարութեամբ յաղթեց Ժիրոնայի դաշտին վրայ, ուր յամառ Ժերոնա պայքարեցաւ մինչեւ վերջ` կասեցնելու Լիվըրփուլի յարձակումները: Պայերն Միւնիխ կոլ մը ստանալէ ետք 5 անգամ պատասխանեց Շախթիոր Տոնեցքին, իսկ Փարիզ Սեր Ժերմեն 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Աւստրիայէն, ուր Զալցպուրկի դէմ մրցումին արձանագրեց իր 2-րդ յաղթանակը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6 մրցումներուն:

Պերկամոյի մէջ, «Եուրոփա լիկ»-ի ախոյեան եւ Իտալիոյ ախոյեանութեան այժմու առաջին դիրքը գրաւող Աթալանթա, որ անցեալ սեպտեմբերէն ի վեր պարտութիւն չէր կրած 14 մրցումներու ընթացքին, շատ լաւ մրցում մը ունեցաւ Ռէալ Մատրիտի դէմ, բայց Ռէալ Մատրիտ իր փորձառու մարզիկներով եւ առիթները կոլի վերածելու առաւելութեամբ կրցաւ 3 կոլ նշանակել` Աթալանթայի 2-ին դիմաց:

Քիլիան Էմպափէ, Վինիսիուս Ճունիոր եւ Ճուտ Պելինկհամ նշանակեցին Ռէալի կոլերը, մինչ Շարլ Տը Քեթելայրէ եւ Ատեմոլա Լուքման նշանակեցին Աթալանթայի կոլերը:

Լիվըրփուլ, շնորհիւ Մոհամետ Սալահի փենալթիին, պարագլուխի դիրքին վրայ մնաց` արձանագրելով իր յաջորդական 6-րդ յաղթանակը:

Պայեր Լեւերքուզըն 1-0 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Ինթեր Միլանը` շնորհիւ ֆրանսացի Նորտի Մուքիելէի կոլին, 90-րդ վայրկեանին:

Պէտք է ըսել, որ Ինթեր առաջին կիսախաղին քանի մը առիթ ստեղծեց, բայց Բ. կիսախաղին գրեթէ «բացակայ» էր մրցումէն: Ինթեր զարմանալի կազմով ներկայացած էր դաշտ, հաւանաբար աւելի կեդրոնանալով Իտալիոյ ախոյեանութեան վրայ` պահեստի աթոռներու վրայ ձգելով Ֆետերիքօ Տիմարքոյի, Նիքոլօ Պարելլայի, Լաութարօ Մարթինեսի եւ Հենրիխ Մխիթարեանի նման մարզիկներ: Արդէն իսկ Ֆրանչեսքօ Ասերպի, Տենզել Տումֆրիզ եւ Պենժամեն Փաւար վիրաւոր էին: ԻՆթերի այս վիճակէն լաւապէս օգտուեցաւ Լեւերքուզըն, եւ այս յաղթանակը զինք բարձրացուց Բ. դիրք:

Պայերն Միւնիխ 5-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալէ ետք պրազիլցի Քեւինէն, մինչեւ կիսախաղ Լայմերի եւ Միւլըրի միջոցով կրցաւ առաջ անցնիլ:

Բ. կիսախաղին, Մայքըլ Օլիսէ (2) եւ Ժամալ Մուսիալա նշանակեցին 3 կոլեր, եւ Պայերն բարձրացաւ 8-րդ դիրքի:

Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի նոր դրութեամբ դժուար դիրքի վրայ կը գտնուէր եւ յաջորդ հանգրուանին հասնելու կասկածներու մէջ էր, ինքզինք վերագտաւ եւ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ռետ Պուլ Զալցպուրկին:

Կոնսալօ Ռամոս, Նունօ Մենտեշ եւ Տեզիրէ Տուէ նշանակեցին Լուիս Էնրիքէի տղոց կոլերը: Վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող Փարիզ (24-րդ) տակաւին Մանչեսթըր Սիթիի եւ Շթութկարթի դէմ մրցումներ ունի վերջին երկու ելոյթներուն:

Ստորեւ` երեքշաբթի օրուան մրցումներուն արդիւնքները.

Պայեր Լեւերքուզըն – Ինթեր Միլան 1-0
Շախթիոր Տոնեցք – Պայերն Միւնիխ 1-5
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Ասթոն Վիլա 2-3
Աթալանթա – Ռէալ Մատրիտ 2-3
Ռետ Պուլ Զալցպուրկ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 0-3
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Սփորթինկ Լիզպոն 2-1
Պրեսթ  – Փ. Ս. Վ. Այնտհովըն 1-0
Ժիրոնա – Լիվըրփուլ 0-1
Տինամօ Զաղրեպ – Սելթիք 0-0

 

Նախորդը

Նոյըր Հաւանաբար Վերադառնայ 2025-ին

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Յովհաննէս Պաչքով Նաք-Աութով Յաղթական

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.