Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Սուրիան Պէտք Է Սուրիացի Ժողովուրդին Կողմէ Իշխուի, Եւ Թուրքիան Պիտի Աշխատի Միացեալ ու Ահաբեկչութենէն Զուրկ Սուրիա Մը Կառուցելու»

December 11, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիան Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ ծագելուն առաջին օրէն կը զօրակցի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ կայունութեան»:

«Սուրիան պէտք է սուրիացի ժողովուրդին կողմէ իշխուի, եւ Թուրքիան պիտի շարունակէ իր առաւելագոյն ջանքը թափել կառուցելու համար միացեալ եւ ահաբեկչութենէ զուրկ Սուրիա մը», ըսաւ Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը երէկ նաեւ յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը իսկական յեղափոխութիւն կատարեց եւ զայն յաջողութեամբ պսակեց»` նշելով. «Սուրիական հողին ու ժողովուրդին միութիւնը շատ կարեւոր է, եւ անկարելի է զանոնք վտանգել ահաբեկչական կազմակերպութեան մը գոյութեան պատրուակով»:

«Ոչ ոքի պիտի արտօնենք մասնատել սուրիական հողերը եւ զանոնք անգամ մը եւս տագնապի գօտիներու վերածել», ըսաւ ան` նշելով. «Թուրքիան շատ զոհաբերեց, մինչեւ որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը հասաւ այս յաջողութեան»:

«Պաշտպանեցինք սուրիացի ժողովուրդը եւ տարիներ շարունակ անոր օգնեցինք` անոր նկատմամբ մեր սիրոյն պատճառով, որովհետեւ անոնք մեր եղբայրներն են», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

«Գոյութիւն ունին ոմանք, որոնք կը փորձեն իրենց ցեղապաշտական զգացումներուն պատճառով վատաբանել թրքական հիւրասիրութիւնը, սակայն թուրք ժողովուրդը զանոնք յանդիմանեց», ըսաւ ան` շեշտելով. «Այսուհետեւ Սուրիոյ նոր մասնատում մը պիտի չարտօնենք եւ պիտի չարտօնենք նաեւ Սուրիան արիւնահեղութեան ու տագնապի գօտիի վերածել: Պէտք եղածը պիտի ընենք, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը ապահովութեան ու խաղաղութեան հասնի»:

«Գոյութիւն ունին ցեղապաշտական գաղափարաբանութեամբ ծայրայեղական կողմեր, որոնք մեծ տէրութիւններու վրայ կը յենին Սուրիոյ եւ Պաղեստինի վրայ յարձակում գործելու համար, եւ ատիկա անընդունելի է: Ոեւէ անձ կամ կողմ, որ կը փորձէ Սուրիոյ վրայ յարձակում գործել, իր դէմ կանգնած պիտի գտնէ սուրիացի ժողովուրդը, եւ մենք սուրիացի ժողովուրդի կողքին պիտի կանգնինք», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Նախորդը

Քրեմլին. «Ասատ Նախագահութիւնը Լքեց Իր Անձնական Որոշումով»

Յաջորդը

Փեթերսոն. «Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Ներկայ Շարժումները Պէտք Է Դադրին»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.