Քրեմլինէն աղբիւրներ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ սուրիական ընդդիմութիւնը Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններուն անվտանգութեան երաշխիքներ տուած է:
Աղբիւրները լրատու գործակալութեան ըսած են. «Ռուս պաշտօնատարները կապ կը հաստատեն ներկայացուցիչներուն հետ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան, որուն ղեկավարները յանձն առին երաշխաւորել Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններու եւ դիւանագիտական կառոյցներու անվտանգութիւնը»:
Սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը նախապէս յայտարարեց, որ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ գտնուող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն անվտանգութեան երաշխիքներ կը տրամադրէ:
Սուրիական զինեալ ընդդիմութեան Սուրիոյ մայրաքաղաք մուտք գործելէն ու Ասատի վարչակարգը տապալելէն ետք, Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը նախապէս յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող իր բոլոր պաշտօնեաները լաւ եւ առողջ են:


