Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Վարչակարգի Տապալման Վերաբերեալ Լիբանանեան Կեցուածքները

December 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Ողջո՛յն սուրիացի ժողովուրդին, երկարատեւ սպասումէ ետք»: Ան շաբաթ օր ալ նշած էր. «Վերջապէս, Սուրիոյ մէջ ազատութեան նշաններ, երկարատեւ սպասումէ ետք»:

– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ. «47 տարի ետք, ազատութիւնը յաղթեց: Տապալեցաւ մեծ բանտը, եւ սուրիացիներուն տառապանքները յաղթեցին: Դաւաճանութեան փամփուշտները տապալեցան, եւ Քամալ Ժոմպլաթը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ նահատակները յաղթեցին»:

– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, սուրիացի ժողովուրդին կը վերաբերի, եւ մենք կը յուսանք, որ անիկա Սուրիոյ եւ Լիբանանի բարիքին համար ըլլայ եւ յանգեցնէ սուրիացի տեղահանուածներու իրենց երկիր արագօրէն վերադարձին ու Լիբանանի հետ դրական եւ հաւասար յարաբերութիւններու, որոնք կը պահպանեն երկու երկիրներու գերիշխանութիւնը, առանց անոնցմէ որեւէ մէկուն միւսի խնդիրներուն միջամտութեան»:

– ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Ոճրագործ բռնատէրը տապալեցաւ, եւ Լիբանանը կը մնայ»:

– ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանք. «Կը շնորհաւորենք սուրիացի ժողովուրդը` անիրաւութեան դէմ իրաւունքի յաղթանակին առիթով»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ. «Իրողութիւնը այն է, որ Դիմադրութիւնը անցնող տարիներուն Իսրայէլէն հսկայական հարուածներ ստացաւ, եւ անձնատուր չեղաւ, սակայն Սուրիոյ անկումի հարուածը յոռեգոյնն էր»:

«Թերեւս այդտեղ տեղի ունեցածին առաջին դրական արդիւնքները ի նպաստ Լիբանանի անվտանգութեան եւ տնտեսութեան են, տապալումովը բոլոր պատրուակներուն եւ քաղաքական ու անվտանգային պատճառներուն, որոնք կ՛արդարացնեն տեղահանուածներուն Լիբանանի մէջ մնալը», աւելցուց Սէյիտ:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ. «Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւնը իշխանութեան խաղաղ փոխանցումն է, որ երկրին մէջ կայունութիւն կը հաստատէ, կը պաշտպանէ ու կ՛ամրապնդէ պետութեան հաստատութիւնը` երաշխաւորելով իրենց բազմազանութեամբ անոր բոլոր զաւակներուն իրաւունքները: Լիբանանի կայունութիւնը միշտ ալ սերտ կերպով կապուած եղած է Սուրիոյ կայունութեան»:

– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին հեռաձայնելով յայտնեց. «Պաշշար Ասատի վարչակարգին տապալումով` երկնքի արդարութիւնը իրագործուեցաւ հանգուցեալ վարչապետ Ռաֆիք հարիրիի եւ Մարտ 14-ի ուժերու մնացեալ նահատակներուն համար»:

Սաատ Հարիրի պատասխանեց. «Աստուած հօրդ` ուսուցիչ Քամալ Ժոմպլաթին ողորմի»:

Նախորդը

Հանրապետութեան Միւֆթի-Միքաթի-Սինիորա-Սալամ Ժողով

Յաջորդը

Միքաթի. «Պէտք Է Սահմանին Վերահսկել Եւ Լիբանանը Զերծ Կացուցել Սուրիոյ Զարգացումներու Հետեւանքներէն»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.