Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանը` 2012 Թուականի Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք

April 27, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20-25 ապրիլ  2012-ին, Հայաստանի մէջ կայացան  «Երեւանը` 2012 թուականի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» հռչակման բացման հանդիսութիւնները: Այս առիթով տեղի ունեցան ցուցահանդէսներ,  սեմինարներ,  մշակութային ձեռնարկներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ:

Այս ընթացքին Երեւան ժամանած էին տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով պետական պատուիրակութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Տեղին է նշել, որ Լիբանան նաեւ,  բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ մը, մասնակից էր այս նախաձեռնութիւններուն: Հայաստանի պետութեան հիւրերն էին`  Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն եւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ: Ներկայ էին նաեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդէն եւ նախարարութենէն այլ անձնաւորութիւններ: Նոյն օրերուն տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան համագումարը, եւ լիբանանահայ գրողներու պատկառելի խումբ մը նաեւ մասնակից դարձաւ այդ համագումարին:

21 ապրիլին, «Գաֆեսճեան» թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արմպուք Էքսփօ-12» գիրքի ցուցահանդէսին` մասնակցութեամբ հայաստանեան եւ արտերկրի հրատարակչատուներու: Լիբանանեան տաղաւարը յատկացուած էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանին:  Տաղաւարին մէջ տեղադրուած հրատարակութիւնները եւ անոնց պատկառելի թիւը արժանացան պետական եւ մտաւորական այցելուներու մեծ գնահատանքին: Լիբանանեան տաղաւարին մէջ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան հաւատարմատար Զիատ Աթթալա եւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն ու Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան: Ցուցահանդէսին ընթացքին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան հանդիպում մը ունեցաւ այս առիթով Հայաստան գտնուող «iBby» մանուկներու եւ պատանիներու միջազգային գիրքի կոմիտէի նախագահ Էլիզապէթ Փէյճի հետ: Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան այս մարզին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները:  Յայտնենք, որ Համազգայինի մանկապատանեկան հրատարակութիւնները նոյն առիթով նաեւ ցուցադրուած էին «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանին մէջ:

22 ապրիլի երեկոյեան, մատենադարանի բացօթեայ վայրին մէջ, տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յայտարարուած «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» տիտղոսի հանդիսաւոր փոխանցումը 2011 թուականի գիրքի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսէն Երեւանին` ներկայութեամբ Հայաստանի պետական ու կրօնական աւագանիին եւ օտար պատուիրակութիւններուն: Յատկանշական էր նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ այս առիթով կազմակերպուած  «Գիրի յաւերժութիւն…» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էր հայ քաղաքակրթութեան զարգացման պատմութիւնը, որուն վրայ իրենց դրոշմը դրած են գիրն ու գիրքը` սկսած հնագոյն ժամանակներէն  մինչեւ ելեկտրոնային գիրք:

Յայտնենք, որ մէկ տարուան տեւողութեամբ Երեւանի թէ արտերկրի զանազան վայրերու մէջ այս առիթով տեղի պիտի ունենան ցուցահանդէսներ, ձեռնարկներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Կռիւ` Վրաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յաջորդը

Յուշամատեանի Բացում` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։