Իրանեան Մեշհետ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ապպաս Արաղչիի հանդիպումը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, նախարարները քննարկած են շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոցային խնդիրները, մասնաւորաբար ստեղծումը այն ենթակառոյցներուն, որոնք Իրանի տարածքով իրարու պէտք է կապեն Ազրպէյճանի տարածքն ու Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը 3 դեկտեմբերին Իրան մեկնած էր Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու 28-րդ հաւաքին մասնակցելու նպատակով:


