Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Չըսի, Թէ Տեղի Ունեցողը Պատերազմի Դադրեցում Է, Այլ` Զինադադար, Որ Կրնայ Կարճատեւ Ըլլալ»

November 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուած է Լիբանանի մէջ լայնածաւալ պատերազմի, եթէ զինադադարի խախտում կատարուի:

Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին կողմէ սփռուած հարցազրոյցին մէջ նշեց. «Հիւսիսի մէջ սպառնալիքը վերցուեցաւ: Պիտի աշխատինք ոչ միայն մեր թշնամիները համոզելու, այլ նաեւ մեր բնակչութիւնը: Անոնք աստիճանաբար պիտի վերադառնան, երբ զգան, որ ատիկա ճիշդ է»:

«Չըսի, թէ տեղի ունեցողը պատերազմի դադրեցում է, այլ` զինադադար, որ կրնայ կարճատեւ ըլլալ», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:

Նեթանիահու պնդեց. «Լիբանանի մէջ պատերազմին  իրագործեցինք այն, ինչ որ կ՛ուզէինք իրագործել»:

«Զինադադարը պիտի օգտագործենք զինուելու եւ զէնքի աւելի լայնածաւալ արտադրութեան համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պիտի ստանանք զէնքեր, որոնց ուղարկումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ սառեցուած էր»:

Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «ինծի խոստացաւ, որ զէնքերու առաքման որեւէ ուշացում չըլլայ, եւ մեզի աննախադէպ քանակներով ու տեսականիով զէնքեր պիտի հասնին»:

Անդրադառնալով Իրանին` Նեթանիահու ըսաւ. «Անհրաժեշտ նկատուած ամէն բան պիտի ընեմ, որպէսզի Իրանը հիւլէական զէնքի տէր պետութեան չվերածուի»:

«Համասի ղեկավար Եահիա Սընուարի ահաբեկումէն ու Կազայի եւ Լիբանանի միջեւ ճակատներու անջատումէն ետք գերիներու փոխանակման գործարքը ի շահ Իսրայէլի փոխուեցաւ», նշեց ան` շեշտելով. «Կրնամ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնիլ, սակայն ոչ` պատերազմին աւարտին»:

«Անցեալ տարուան ընթացքին ականատես դարձանք տեղեկութիւններու լայնածաւալ սպրդումներու, որոնք Իսրայէլին մեծապէս վնասեցին», յայտնեց Նեթանիահու:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Մէջ Համաձայնութիւնը Ժամանակաւոր Զինադադար Չէ, Այլ Մնայուն Համաձայնութիւն» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Յաջորդը

«Համաձայնութենէն Իսրայէլի Մէջ Հիասթափուածները Կ՛անտեսեն Այն Իրողութիւնը, Թէ Հըզպալլան Պարտուելու Սեմին Չէր» Կը Գրէ «Ետիոթ Ահրոնոթ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.