Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիւնիկը Կրկին Կը Բարձրանայ

November 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ

«Ա՜խ վաթան, վաթան, քու հողին ղուրբան,
Քո ծխին ղուրբան, քո ջրին ղուրբան,
Է՞ս փառքն ունէիր, Է՞ս պատիւն առաջ,
Որ հմիկ աւիրուել, մնացել ես անջան»:

Խ. ԱԲՈՎԵԱՆ

 Պատմութեամբ եւ ողբերգութեամբ յատկանշուող ծննդավայրս կրկին ստացաւ խաղաղութիւն վայելելու առիթը: Իր անցեալը` իբրեւ Փիւնիկէ, քաղաքակրթութեան եւ դիմացկունութեան օրրան, այսօր եւս կ՛արձագանգէ լիբանանցիներուն սրտերուն մէջ: Հազարամեակներու վայրիվերումներու ընդմէջէն լիբանանցին փաստած է, որ ինք, ինչպէս առասպելական փիւնիկը, կրնայ յառնիլ մոխիրներէն: Ասիկա պարզապէս գոյատեւելու փաստ չէ, այլ վկայութիւն` անկոտրում ոգիի, կեանքի հանդէպ սիրոյ եւ ապագայի հանդէպ անսահման յոյսի մասին:

Պէյրութը` Լիբանանի սիրտը, տեսած է այնպիսի աւերումներ, որոնք կրնային որեւէ քաղաք վերածել ուրուականի: Երկրաշարժները, քաղաքացիական պատերազմները, ներխուժումներն ու պայթումները բազմիցս խորտակած են զայն: Սակայն ամէն անգամ քաղաքը յառնած է նորովի` իր փողոցներուն մէջ վերածնելով կեանքը: Պատահական չէ. լիբանանցիներու դիմացկունութիւնը բնատուր ուժ է, որ կը սնուի յիշողութենէն նախնիներուն, որոնք կառուցած են նաւեր` ծովեր նուաճելու, գրած են առաջին այբուբենները եւ աշխարհին սորվեցուցած են առեւտուրն ու դիւանագիտութիւնը:

Այսօր, երբ խաղաղութիւնը (հպանցի՞կ) կը վերազարդարէ ծննդավայրս, անհնար է չհիանալ լիբանանցիին անխոնջ ոգիով: Սակայն Լիբանանի պատմութիւնը միայն վերակառուցումի մասին չէ, այլ  տուեալ վայրին հոգին չմոռնալու մասին, նոյնիսկ երբ ան ֆիզիքականօրէն քանդուած է: Լիբանանցիները պարզապէս չեն վերակառուցեր շէնքեր, կը վերականգնեն ինքնութիւններ, մշակոյթներ եւ պատմութիւններ: Միայն թէ այս անգամ նաեւ կառուցեն հայրենասիրութիւն, հողի պաշտամունք, որ չդառնայ Լիբանանը թշնամիին կեր` վերջնականապէս:

Աշխարհագրականօրէն ոչ շատ հեռու Լիբանանէն, նման իրավիճակ կ՛ապրի հայրենիքս Արցախը` քաղաքները դատարկ, կոթողները` վնասուած, եւ ժողովուրդը` ցրուած ու տարագիր, ռազմագերիները թշնամիին բանտերուն մէջ:

Լիբանանի եւ Արցախի միջեւ զուգահեռները զարմանալի են:

Երկու տարածքներն ալ փոքր են, բայց հզօր:

Երկուքն ալ յատկանշուած են իրենց ժողովուրդներու դիմացկունութեամբ, ստեղծագործութեամբ եւ ազատ երկինքի տակ իրենց երեխաներուն ապագան երազելու անկոտրում յոյսով:

Երկուքն ալ օժտուած են մոխիրներէն բազմիցս յառնելու կարողութեամբ:

Այսօր` նայելով Լիբանանին, կը տեսնենք յոյս:

Յոյս, որ իւրաքանչիւր արցախցի երեխայի սրտին մէջ է:

Յոյս` վերադառնալու եւ վերականգնելու:

Յոյս` պատերազմով երբեք լիովին չջնջուած հայրենիքը կրկին վերակերտելու:

Մինչ կը նշենք Լիբանանի դիմացկունութիւնը, պէտք է միասնակամ աշխատանք տանինք Արցախի համար, որպէսզի անոր փիւնիկը չուշանայ յառնելու, որպէսզի անոր երեխաները վերադառնան իր հովիտները, որպէսզի անոր երաժշտութիւնը լեցնէ օդը, եւ իր եկեղեցիներուն մէջ հնչեն յոյսով լի ժողովուրդիս աղօթքները:

Թող անոր ոգին մնայ անսասան, եւ անոր ապագան խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն բերէ:

Որովհետեւ իւրաքանչիւր ազգի սրտին մէջ կայ կայծ մը, զոր ոչ մէկ փոթորիկ կրնայ մարել:

Եւ այդ` դիմացկունութեան, յիշողութեան եւ պահանջի կայծն է:

Այսօր այդ կայծը վառեցաւ Լիբանանի մէջ. վաղը, մեր աշխատանքով ու պահանջով, պիտի վառի Արցախի մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Բեղմնաւորութեան Համաշխարհային Ճգնաժամ

Յաջորդը

1890-ականներու Թրքական Ջարդերէն Վերապրածներու 8000 Նամակներ Բացայայտող Գիրք Մը

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.