Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուտա. «Ամէն Ջանք Պիտի Գործադրենք, Որ Հայաստանը Ներգրաւենք Եւրոպական Ընտանիքին Մէջ»

November 27, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեհաստանը կ՛ուզէ քննարկումներու սկսիլ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափը վերականգնելու ուղղութեամբ` զայն որոշակի փոփոխութիւններու ենթարկելու միջոցով: Այս մասին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա:

«Վարշաւան կ՛ուզէ վերականգնել Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափը` ապագային զայն քիչ մը փոփոխութեան ենթարկելով: Լեհաստանը կ՛ուզէ սկսիլ այդ քննարկումները եւ կ՛ուզէ մասնակցիլ այդ հոլովոյթին», նշեց Տուտա:

Ան ըսաւ, որ Վարշաւան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանը եւրոպական ընտանիքին մէջ ներգրաւելու հարցին:

«Մենք ընկերներ ենք, մենք Հայաստանի բարեկամն ենք: Մենք շատ դրական վերաբերմունք ունինք հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ: Հայերը շատ մեծ ներդրում ունին համաշխարհային մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մէջ: Մենք ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որ Հայաստանը ներգրաւենք եւրոպական ընտանիքին մէջ:

«Եթէ հայկական կողմը  քիչ մը հետաքրքրուածութիւն ցուցաբերէ, մենք պատրաստ ենք օգնելու: Իբրեւ Լեհաստանի նախագահ` կը յայտարարեմ, որ որեւէ խնդրանքի պարագային մենք պատրաստ ենք աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին», ընդգծեց Անճէյ Տուտա:

Լեհաստանի նախագահը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նաեւ ըսաւ. «Մեր շրջանին մէջ նոյնպէս գոյութիւն ունի անկայունութիւն, որ պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ յարձակողական գործողութիւններով: Պատերազմական կացութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունին նաեւ անմիջականօրէն Կովկասի վրայ»:

«Ռուսիան վերահսկման գործողութիւններ կ՛ուզէ կատարել նաեւ այս շրջանին մէջ, մենք ատիկա կը տեսնենք: Կ՛ուզենք, որ բոլոր տագնապները խաղաղութեամբ աւարտին», ըսած է Տուտա:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Արեւմուտքը Կը Փորձէ Վրաստանի Մէջ «Գունաւոր Յեղափոխութիւն» Շղթայազերծել»

Յաջորդը

Կիւլեր. «Հայաստան-Ազրպէյճան Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Հանգստութիւն Եւ Կայունութիւն Պիտի Ապահովէ Շրջանին»

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.