Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «խիզախ» որակած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ձերբակալելու մասին Միջազգային քրէական դատարանի որոշումը` ըսելով, որ կարեւոր է զայն գործադրել:
«Մենք միջազգային ասպարէզին մէջ զինուորագրած ենք մեր բոլոր ուժերը` պաղեստինեան պետութեան ճանաչման համար: Մենք նաեւ կը շարունակենք մեր ջանքերը` արագօրէն հարկադիր գործողութիւններ ձեռնարկելու` դադրեցնելու համար Պաղեստինի մէջ Իսրայէլի ցեղասպանութիւնը:
«Կ՛ուզեմ մեր աջակցութիւնը յայտնել Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Կալանթի նկատմամբ ձերբակալութեան հրամանագիր տրամադրելու Միջազգային քրէական դատարանի որոշումին: Մենք կը կարծենք, որ կարեւոր է, որ այս խիզախ որոշումը կեանքի կոչուի», ըսած է Էրտողան` Պոլսոյ միջազգային տօնավաճառի ընթացքին:
Միջազգային քրէական դատարանը 21 նոյեմբերին հրամայեց ձերբակալել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթը` Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու մեղադրանքով:
Դատարանը նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւին` Քասսամի ջոկատներու ղեկավար Մոհամետ Տէյֆի դէմ ձերբակալման հրամանագիր հրապարակեց:
Միջազգային քրէական դատարանը յայտնեց, որ գոյութիւն ունին տրամաբանական պատճառներ կարծելու համար, թէ Նեթանիահու եւ Կալանթ պատերազմական ոճիրներ գործեցին, եւ տրամաբանական պատճառներ կան կարծելու, թէ Նեթանիահու եւ Կալանթ քաղաքային բնակչութեան վրայ յարձակումներուն վերահսկեցին:
«Նեթանիահուն եւ Կալանթը սովը Կազայի մէջ իբրեւ պատերազմի միջոց օգտագործեցին», նշեց Միջազգային քրէական դատարանը:
Դատարանը նաեւ ընդգծեց, որ Իսրայէլի` դատարանի իրաւասութիւնը ճանչնալը անհրաժեշտ չէ:
Դատարանը մերժեց Նեթանիահուի եւ Կալանթի ձերբակալման գիրերուն դէմ Իսրայէլի բողոքարկումները: Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ Նեթանիահու եւ Կալանթ այսուհետեւ դատարանին անդամ 120 երկիրներ պիտի չկարենան այցելել:
Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց. «Դատարանի որոշումը հակասեմական է»:


