Տանըլտ Թրամփ իր երկրորդ նախագահական նստաշրջանին կրնայ ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն դուրս բերելու որոշում տալ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:
Ֆիտանի համաձայն, Թրամփ իր առաջին նախագահական ժամկէտին մէջ փորձած է դուրս բերել զօրքերը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութենէն, սակայն «Փենթակոնի պաշտօնատարները» իրեն խանգարած են:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կարծիքով, Թրամփ այժմ զգուշօրէն կ՛ընտրէ վարչակազմի նոր խումբ` սխալները կրկնելէ խուսափելու համար


