Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 25 նոյեմբերին հեռաձայնած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Ալիեւ շնորհաւորած է Թրամփը Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընթացքին արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Ազրպէյճանի նախագահը նշած է, որ ընտրութեան ընթացքին արձանագրուած վստահ յաղթանակը Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդի մեծ աջակցութեան եւ վստահութեան ակնյայտ արտայայտութիւնն է այն քաղաքական գիծին նկատմամբ, որ անոնք կը հետապնդեն:
Ալիեւ ընդգծած է, որ Թրամփի գործունէութիւնը առաւել եւս կարեւոր դեր պիտի խաղայ համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ:
Ան յոյս յայտնած է, որ միացեալ ջանքեր պիտի գործադրուին Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները խթանելու համար:


