Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչ Ռուտ Վան Նիսթելրոյը կրնայ մարզչական իր ասպարէզը շարունակել Գերմանիոյ մէջ:
Ըստ «Սքայ-Սփորթց»-ի 48 տարեկան մասնագէտի ծառայութիւններով հետաքրքրուած է Գերմանիոյ Բ. դասակարգի Համպուրկը:
Աւելի կանուխ շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, թէ անգլիական երեք ակումբներ եւս կը դիտարկէին Վան Նիսթելրոյը հրաւիրելու տարբերակը:
Նշենք, որ նետերլանտցին Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ աշխատած է այս տարուան յուլիսէն նոյեմբեր: Ան նախապէս կը մարզէր Փ. Ս. Վ. Այնտհովընը:


