Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ իսրայէլացի-մոլտովացի ռաբբի Ցւի Քոկանի սպանութեան կասկածելի երեք անձերը Ուզպեքիստանէն են:
Ապահովական իշխանութիւնները սկսած են անոնց նախնական հարցաքննութեան` հետաքննութեան ամբողջացման նպատակով զանոնք փոխանցելու համար ընդհանուր դատախազութեան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներքին գործոց նախարարութիւնը կիրակի օր հաղորդեց, որ «մրցանշային ժամանակ»-ի մէջ կրցած է ձերբակալել «պետութեան մէջ բնակող, Ցւի Քոկան կոչուող եւ ըստ երկիր մուտք գործելու ընթացքին օգտագործած փաստաթուղթերուն մոլտովական ինքնութիւն ունեցող անձի սպանութեան հարցով յանցագործները:
Իսրայէլ կիրակի օր հաղորդած էր հինգշաթի օրուընէ ի վեր կորսուած Քոկանի դիակի յայտնաբերման մասին:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Յանցագործները Իրանէն հրամաններու հիմամբ չգործեցին, հակառակ այն իրողութեան, որ գործադրութեան ձեւը նման է Թեհրանի վարձկան ցանցերու յարձակումներու հետ գործելաոճին»:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Իրանի դեսպանատունը կտրուկ կերպով մերժեց դէպքին Թեհրանի մեղսակցութիւնը:


