Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանեան Շահը Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը Ղեկավարող Ազգային Ուխտական Ու Ազգային Անձնաւորութեան Վրայ Կրակ Բանալո՞վ Կ՛ապահովուի» Հարց Կու Տայ Շէյխ Քապալան

November 26, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան նշեց. «Անկասկած, երկրին խնդիրը բարդ է, սակայն համակեցութիւնը ազգային բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, եւ ատիկա կը պահանջէ միախմբող լուծումներ կիրարկել ու լիբանանեան ընտանիքին շահերը համայնքային շահերէն առաջնակարգ նկատել, մանաւանդ որ բազմազանութիւնը մեր համակեցութիւնը, մեր կացութիւնը զարգացնելը, ներուժը կազմակերպելը եւ մեր միասնականութիւնը ամրապնդելը չ՛արգիլեր:

«Եւ որովհետեւ ներկայի առաւելագոյն կարեւորութիւնը կ՛ընծայուի պատերազմի դադրեցման, ոմանց հարց կու տամ` ինչո՞ւ կրակ բանալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վրայ, որ երկրի ճակատագիրին պատմականօրէն ամէնէն վտանգաւոր պահու ջանքերը կը ղեկավարէ, ինք, որ իր կարողութիւններով, միջազգային փորձառութեամբ, եւ իբրեւ իրաւական արժէք մարդուն նկատմամբ իր հաւատքով համարեայ հազուադէպ ազգային արժէք է: Արդեօք ազգային շահը ամէնէն վտանգաւոր պատերազմին մէջ զինադադարի հաստատման եւ յոռեգոյն շրջանային ծրագիրներու դադրեցման ջանքերը ղեկավարող ազգային ուխտական ու ազգային անձնաւորութեան վրայ կրակ բանալո՞վ կ՛ապահովուի: Արդեօք այլընտրանքը ի շահ ազգային շահի՞ն է, թէեւ այստեղ խնդիրը Լիբանանի դատն ու անոր գոյութիւնն է, ինչ որ հեռու է մասնաբաժիններէն ու մանրամասնութիւններէն, որոնք անարժէք են առանց գերիշխան Լիբանանի»:

«Բաւ է այս երկիրը բզկտենք, մանաւանդ որ կարգաւորումը աւարտելու վրայ է, եւ այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, զինադադարի համաձայնութեան հաւասարակշռութեան հաստատում է, եւ երկիրն ու Դիմադրութիւնը լաւ վիճակի մէջ են, եւ Դիմադրութեան բարիքը Լիբանանի համար է», նշեց շէյխ Քապալան:

«Ոմանց կ՛ըսեմ. «Համաս շարժումն ու Հըզպալլան ծանր կշիռի հայրենասէր, պատմական արմատներ ունեցող եւ անսասան համակեցութեան կարողութիւններ ունեցող զոյգ են, եւ ազգային զոյգը ինքն իր համար պայման չի ճշդեր, այլ Լիբանանին ու անոր ազնիւ համայնքներուն համար: Այժմ պահը Լիբանանը պատուելն է, ինչպէս նաեւ պատուել անոր համարկուած համայնքները, ազգային ծրագիրն ու մեծ Դիմադրութիւնը», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Քոփիրքին. «Ռուս-Հայկական Դաշնակցային Համագործակցութեան Համադրելի Իրական Այլընտրանքներ Չկան»

Յաջորդը

«Հասպայայի Մէջ Լրագրողներուն Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումը Պատերազմական Յստակ Ոճիր Է» Կ՛ըսէ «Մարդկային Իրաւանց Դիտարան»-ը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.