Երէկ Մայեմիի մէջ հետաքրքրական մրցումին մը ընթացքին Մայեմի Հիթ պէտք ունեցաւ Ճիմի Պաթլըրի հերոսութիւններուն` պարտութեան մատնելու Տալաս Մեւրիքսը` 123-118 արդիւնքով: Պաթլըր 33 կէտ նշանակեց, մինչ Պեմ Ատեպայօ (19 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), Թայլըր Հերրօ (18 կէտ 10 ռիպաունտ), Ալեք Պըրքս (15 կէտ) եւ Փել Լարսոն (14 կէտ) եղան Մայեմիի լաւագոյն մարզիկները:
Քայրի Ըրվինկ 27 կէտերէն 14-ը նշանակեց 4-րդ մասին` ի նպաստ Տալասի, որ 4 յաջորդական յաղթանակներէ ետք երկարաձգման միայն 4 կէտ նշանակեց (5 վայրկեաններու ընթացքին): Տալաս, որ կը խաղար առանց վիրաւոր Լուքա Տոնչիչի, 17 մրցում կատարած է այս եղանակին, եւ 11 մրցում առաւելագոյնը վճռուած է 8 կամ նուազ կէտերով: Այդ «մօտ» խաղերուն Տալաս 7 պարտութիւն կրած է, մինչ մնացեալ 6 մրցումներէն 5-ին հանգիստ յաղթանակ արձանագրած:
Թի. Տի. Կարտընի մէջ Պոսթըն Սելթիքս բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դէմ մրցումին, ուր Ճէյլըն Պրաուն 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ ախոյեան Պոսթընի, մինչ Ճէյսըն Թէյթըմ աւելցուց 26 կէտ եւ 8 ռիպաունտ` յաջորդական 5-րդ յաղթանակը արձանագրելով:
Անթոնի Էտուըրտծ նշանակեց 28 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ի նպաստ Մինեսոթայի, որ իր վերջին 7 մրցումներէն 5-ին պարտուած է:
Ճուլիըս Ռենտըլ 23 կէտ աւելցուց, մինչ Ռուտի Կոպեր 10 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ 122-108 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին` ձեռք ձգելով իր 17-րդ յաղթանակը` 18 մրցումներու ընթացքին:
Ճերըթ Էլըն 23 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ Եաքոպ Փէօլթըլ 12 կէտ եւ 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թորոնթոյի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Սաքրամենթօ Քինկզ – Պրուքլին Նեթց 103-108
Պոսթըն Սելթիքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 107-105
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 115-103
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 99-125
Մայեմի Հիթ – Տալաս Մեւրիքս 123-118
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 122-108


