Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարճ Ծանուցում

November 26, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Պէյրութի Գեղարուեստական ժապաւէններու 10-րդ փառատօնի (Beirut Art Film Festival BAFF) նախաձեռնութիւնները տեղի կ՛ունենան Ս. Ժոզեֆ համալսարանին կից Արեւելագիտութեան գրադարանի թատերասրահին մէջ (1): Տակաւին ընթացող կործանարար պատերազմին հակադրուած ծրագիրը այս տարի կազմուած է ականաւոր արուեստագէտներ ծանօթացնող 25 վաւերագրական գործերէ, առաւել` այժմ պատմութեան անցած, Թրիփոլիի «Սինեմա Փարատիզօ»-ն համարուող շարժապատկերի սրահին լուսանկարներու ցուցահանդէսէ մը, որ հաւաքական յիշողութեան «հնախուզութիւն» մըն է, ինչպէս  նաեւ` ականաւոր նկարիչ Մակրիթի շուրջ դասախօսութենէ մը:

Մակրիթ ըսած է, որ շարժապատկերը կը գործածէ որպէս երեւակայութեան ցատկահարթակ կամ ոստնակ (թրամփոլին)`  30-ական թուականներուն հիմնուած տեղացիներու բարբառով, «Սիլամա Թրիփոլի» կոչուող սրահի պատմութեան նուիրուած է նաեւ ծրագրին մէջ ներառուած Հետի Զաքքաքի «Cilama» ժապաւէնը:

Գործերուն մեծամասնութիւնը (60 տոկոս) կը վերաբերի` պարարուեստի, նկարչութեան, լուսանկարչութեան եւ ճարտարապետութեան:

Մեր տառապահար քաղաքի թատերասէրներուն համար ուսանելի առիթ է «Dock X London»-ի բեմին վրայ Simon Godwin-ի բեմադրութեամբ կատարուած  «Մաքպեթ»-ի ժամանակակից մեկնաբանութեան մը աւելի քան 2,5 ժամ տեւող տեսագրութիւնը (Tim van Someren 2024): Բնագիրի 11-րդ դարու սկովտիական խորապատկերը փոխարինուած է մերօրեայ ռազմադաշտով (2): Առ այդ, պատրաստուած է շատ տպաւորիչ ծախսալից բեմայարդարում:

Մաքպեթ զինուորական մըն է, որ ապօրինի ճամբով կը խլէ իշխանութիւնը: Տպաւորիչ է յատկապէս այն տեսարանը, ուր տիկին Մաքպեթ խելագարած` կը փորձէ մաքրել իր արիւնոտ ձեռքերը: Համացանցի վրայ հասանելի են ելոյթի ծանուցողական կարճ տեսերիզներ (3, 4):

Պէտք է յուսալ, որ կը գտնուին անձեր, որոնք ամբողջ երկու շաբաթ, մթնելէ ետք, ուղղուին թիրախաւորուած թաղամասի  սահման եւ ապահով վերադառնան իրենց բնակարաններ: Անձնապէս կարողացայ պատրաստել մեծածաւալ ուսանելի ձեռնարկը ծանօթացնող լոկ այս կարճտեսութիւնը:

——-

  1. Գրադարանը կը գտնուի Դամասկոս ճամբայ կոչուող մայրուղիի վրայ, միայն քանի մը տասնեակ մեթր հեռու` ռմբակոծութեան թիրախ դարձած Պասթա թաղամասէն:
  2. Ինչպէս նախապէս նշած եմ, Շէյքսփիր գրաքննութենէ խուսափելու համար իր թատրերը կ’ընտրէր Անգլիայէն դուրս:
  3. https://www.instagram.com/margotbisnow/reel/C5wVlyNpAu6/
  4. https://www.youtube.com/watch?v=DctWDH1TmL8
Նախորդը

Նոր Սիսի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Վերամուտ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Պաքուին` Արցախէն Տեղահանուածներուն Վերադարձին Համար Պայմաններ Ստեղծելու

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը

August 13, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Հակիրճ Ակնարկ` Շարժապատկերի Երեւանեան Հակիրճ Ժապաւէններու Փառատօնին Շուրջ

August 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.