Եւրոպական խորհուրդի Ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան շրջանակային պայմանագիրի խորհրդատուական յանձնախումբը կոչ ուղղեց Ալիեւի վարչակազմին` «Ստեղծելու քաղաքական, իրաւական, գործնական պայմաններ, որոնք անհրաժեշտ են Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերուն ապահով ու անարգել վերադարձին համար, ինչպէս նաեւ յատուկ գործիքակազմ մը` սեփականութեան հարցերը լուծելու նպատակով»:
«Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի` գոյքագրելու, պաշտպանելու եւ պահպանելու հայկական բոլոր կրօնական եւ մշակութային վայրերը եւ ինչքերը, ինչպէս նաեւ` հետաքննելու տարածաշրջանին մէջ բնիկ հայերուն կողմէ օգտագործուող պատմամշակութային յուշարձաններու եւ գերեզմանատուներու վանտալութիւնը, ոչնչացման եւ փոփոխման մասին բոլոր մեղադրանքները», կ՛ըսուի յանձնախումբին կոչին մէջ:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդատուական յանձնախումբին ծաւալուն զեկոյցին մէջ վկայակոչած են բազմաթիւ դէպքեր` պնդելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան պարունակին մէջ կայ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ հրապարակային հռետորաբանութիւն մը, որ անմիջականօրէն կ՛ազդէ բնիկ հայերուն նկատմամբ վերաբերմունքին վրայ:
Պաշտօնական Պաքու` իբրեւ պատասխան, անհիմն որակեց Եւրոպական խորհուրդի զեկոյցին մէջ տեղ գտած պնդումները` յայտարարելով, որ յանձնախումբին կողմէ կիրարկուող մօտեցումը «լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ»:
«Խորհրդատուական յանձնախումբի խտրական մօտեցումը, որ կը կեդրոնանայ հայկական բնիկ խումբին վրայ` անտեսելով միւս ցեղային խումբերը եւ չափէն դուրս յենելով անյայտ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկատուութեան վրայ` առանց համապատասխան օրինակներ բերելու, միանգամայն յստակօրէն ցոյց կու տայ նշուած յանձնախումբին կողմնակալ մօտեցումը», յայտարարեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


