Պաքուն անընդունելի որակած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի եւ ՔՈՓ29-ի այլ մասնակից երկիրներու Ազրպէյճանին ուղղուած քննադատութիւններն ու մեղադրանքները:
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ընկերային ցանցի վրայ գրած է, թէ Պերպոքը կարծես «Գերմանիոյ յառաջիկայ ընտրութիւնները իբրեւ ներքին քաղաքականութիւն շփոթած է չափազանց բարդ բազմակողմ դիւանագիտութեան հետ` հաւանաբար փորձելով ՔՈՓ29-ը օգտագործել իբրեւ հարթակ իր նախընտրական քարոզարշաւին համար»:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը շաբաթ օր յայտարարած էր, որ աշխարհը յայտնուած է հանածոյ վառելանիւթ արտահանող քանի մը պետութիւններու աշխարհաքաղաքական ուժային խաղին մէջ:
«Մենք պիտի չարտօնենք, որ առաւել խոցելի երկիրները, յատկապէս փոքր կղզիները, կործանուին հանածոյ վառելանիւթի նոր քանի մը հարուստ, արտահանող երկիրներու կողմէ, որոնք այս պահուս, ցաւօք սրտի, ունին ՔՈՓ-ի նախագահութեան աջակցութիւնը», ըսած էր Պերպոք եւ աւելցուցած, թէ այն, ինչ որ Պաքուի մէջ կը տեսնեն, հանածոյ վառելանիւթի արտահանող հին աշխարհի վերջին կանգառն է, եւ այժմ անհրաժեշտ է դաշինքներ տարբեր ցամաքամասերու վրայ կենսոլորտային արդարութեան, կենսոլորտի կենսունակ ֆինանսաւորման հասնելու համար:
ՔՈՓ29 խորհրդաժողովին մէջ երկիրները համաձայնած են տարեկան 300 միլիառ տոլար տրամադրել` օգնելու զարգացող երկիրներու դիմակայել կենսոլորտի փոփոխութիւններուն: Գործարքը, սակայն, ոչ բոլորը գոհացուցիչ նկատած են:


