Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատգամը Եւ Վկան

November 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Հոգեւոր ծառայութեան անդաստանին մէջ գիրքը զինուորի մը զէնքն է:  Մեր մտապատկերին մէջ մնայուն ներկայութիւն է բոլոր ժամանակներու հզօրագոյն ՀԱՅՈՒՆ` Մեծ Վարդապետին` Ս. Մեսրոպին, հայ գիրի գիւտարարին, որուն թողած աւանդին շնորհիւ` դարերէ ի վեր հայու ինքնութիւնը կանգուն կը մնայ:

Իբրեւ համեստ ծառայող մը հայ մամուլին` նորածինի գալուստի խանդավառ ծնողքի մը ապրումը ունեցայ, երբ «Անկրկնելի Հալէպը» հատորի մը կողքին տակ երախյրիքս  աշխարհ եկաւ:

Երախտագիտութեան եւ շնորհակալական զգացումներս կը յայտնեմ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական Միութեան զոյգ մասնաճիւղերուն` Հալէպի եւ Փասատենայի մէջ, կազմակերպուած գինեձօնին  եւ շնորհահանդէսներուն համար, նաեւ գիրքը ներկայացնող համազգայնականներուն` Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեանին եւ Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանին, գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներուն:

Համակարգիչի պաստառին վրայ, հանապազօրեայ հացի նման, «Ազդակ»-ի կայք մուտքիս կրկին երեւաց գիրքս անակնկալ եւ հաճելի խորագիրով մը` «ՄԱՍՈՒՆՔ ՄԸ` ՀԱԼԷՊԻ ՕՐՀՆԵԱԼ ՀՈՂԷՆ», որ պանդխտութեան մէջ, Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր» հանրածանօթ ոտանաւորը յիշեցուց, ստորագրուած` քսանմէկերորդ դարու Հալէպի ծնունդ, երիտասարդ վարդապետի մը կողմէ` Առաքել աբղ. Գատեհճեան, որ արդէն ծանօթ անուն մըն է մամուլի մէջ` իբրեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամենակրտսեր միաբանը, իմա` հալէպածին, ծանօթ Գատեհճեան գերդաստանի շառաւիղը:

Յօդուածին մէջ հոգեշնորհ հայր սուրբը կ՛անդրադառնար իր մանկութեան օրերուն, երբ մօրը հետ կը յաճախէր Հալէպի «Կիլիկիա» հրատարակչատուն: «Այսօրուան նման կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի փառքի օրերուն այդ գրատունը լի էր ամէն տարիքի հայորդիներով:  Ծնողներ իրենց մանուկներուն ձեռքերէն բռնած` կարգի կը սպասէին մանկապատանեկան դաստիարակչական գիրք մը առնելու համար: Երիտասարդներ նոր հրատարակուած գիրքերէն օրինակ մը կ՛ուզէին ստանալ: Հասուն տարիքի մարդիկ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ լոյս ընծայուած հայկական թերթերը կարդալու ծարաւը կ՛ուզէին յագեցնել»:

Գիրքի եւ մշակոյթի մարդ, Կիլիկիոյ դարաւոր կաթողիկոսութեան շղթային նոր օղակն է` թրծուած Պիքֆայայի մարդակերտ հնոցին մէջ:

Աւելի քան երեսուն տարեկան պատուէրի մը պտուղը եւ վկան, տրուած` երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ, երբ առաջին հրատարակութիւններս դրի իր սեղանին, հետեւեալ պատգամը ստացայ. «Եկո՛ւր, տղաս, համբուրեմ քու ճակատդ` այս ազնիւ ասպարէզը ընտրելուդ առիթով: Մեր ազգը շատ կարիք ունի հայ գիրք հրատարակողներու եւ տարածողներու: Կը շնորհաւորեմ եւ կ՛օրհնեմ քեզ եւ իբրեւ հայոց հայրապետ` կը թելադրեմ, որ մէկ կողմ թողուս ազգային եւ միութենական այլ զբաղումներ եւ ամբողջութեամբ նուիրուիս հրատարակչական գործին»:

Պատուէրը գործադրեցի  առաւելագոյն ճիգերով, ինչպէս հայր սուրբը յիշած է «Հալէպի փառքի օրերուն», որպէս վկայ այդ պատգամի գործադրութեան, այլեւ իր հոգեւոր անուան` Առաքել, առաքեալը մեծ վեհափառի հաւատքին, հանդէպ` հայ գիրքին:

Մարդկային ազնիւ կերպարը խորտակելու ճիգերը, տարածուած են ամէնուր. արդարեւ, այսպէս կոչուած յառաջադէմ երկիրներու ախտերը մերօրեայ արհեստագիտութեան ճամբով եւ մոլորեալներու ձեռամբ կը հասնին երկրագունդի ամենայետին անկիւնը, հոսանք մը, որուն դիմաց կը քանդուին բարին ու վսեմը:

Մաշտոցեան բանակը իր վտիտ շարքերով հայապահպանման եւ մարդապահպանման կոչում մը ունի, նաեւ` պատգամ մը, որուն վկան է  Առաքել աբղ. Գատեհճեանը:

Ժընեւ                    

Նախորդը

Տրդատը

Յաջորդը

Հայաստան Կ՛արգելակէ Արցախեան Ժապաւէնի Առաջադրումը «Օսքար»-ի Մրցումին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.