Նոյեմբեր 22 է դարձեալ: Այս թուականը արեւելքի Զուիցերիա` Լիբանանի անկախութեան մեծ տօնը ըլլալուն մասին կը յուշէ:
Անկախութիւն` պետականութեան գոյութիւն, ազգային հպարտութիւն, ապահով սահմաններ, հզօր բանակ եւ ընկերային ու տնտեսական բարօրութիւն…
Դժբախտաբար, սակայն, վերեւ նշուած պարբերութիւնը կը վերաբերի իսկական Զուիցերիոյ եւ ոչ` արեւելքի Զուիցերիոյ, ուր կան` պատերազմ, սպանդ, քանդում, աւեր, քաոս, ժողովրդագրական պատկերի խախտում, բանակին կարողութիւններուն դիտումնաւոր սահմանափակում, իսկ պետականութեան` յղացքը միայն, եւ ընկերային ու տնտեսական դժբախտութիւն:
Ռմբակոծումին ձայնը եւ իսրայէլեան օդանաւերուն կողմէ ամբողջ երկրին վերեւ ձայնի պատը խզելու ահարկու արձագանգը որոտումէն չզանազանող քաղաքացին հաւանաբար կը դիմէ ամիսներէ ի վեր իր իւրացուցած զգայարանային տաղանդին եւ ռմբակոծումին պատճառած ցնցումէն կը հասկնայ, թէ ի՛նչ է պատահածը:
Այս դժուար ու ծանր օրերուն մէջ է, որ լիբանանցին այսօր կը դիմաւորէ անկախութեան 81-ամեակը, երբ իւրաքանչիւր լիբանանցի որեւէ ատեն եւ որեւէ վայրի մէջ ենթակայ է փչելու իր վերջին շունչը, որքան ալ պատերազմը ըլլայ «արդի պատերազմ», ուր թիրախաւորուած նպատակներ կան, եւ մնացեալ շրջանները «ապահով» են:
Ապահով վայր չկայ այս պատերազմին մէջ, եւ պէտք է յաւելեալ լրջութեամբ ընկալել այս իրողութիւնը, որովհետեւ կայ Իսրայէլ կոչուած թշնամի պետութիւն մը, որուն գլխուն կը գտնուի հրէշային մտքով ու դիւային գժութեամբ գործող վարչապետ մը:
Նախագահ զօր. Միշել Աունի նստաշրջանի աւարտէն ետք երրորդ անկախութեան տօնն է, զոր երկիրը կը նշէ առանց հանրապետութեան նախագահի:
Տիրող պետական համակարգը կ՛ընդգրկէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ, որ դիւանագիտական որոշ ճիգեր կը թափէ պատերազմը կասեցնելու` հիմնուելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու Լիբանանի յանձնառութեան վրայ:
Եւ կայ երկրին Բ. իշխանութեան նախագահը` խորհրդարանի նախագահը, որ կը վարէ պատերազմը դադրեցնելու հիմնական բանակցութիւնները: Ահռելի է, սակայն, այն իրականութիւնը, որ այդ բանակցութիւններուն դրական հոլովոյթին մասին դրսեւորուած առաջին նշոյլներուն զուգահեռ, երկրին մէջ բարձրաձայնուեցաւ, թէ խորհրդարանի նախագահը չի կրնար երկրին որոշումը իւրացնել: Ի՞նչ է ուզուածը. Իսրայէլի հետ բանակցող իշխանութեան ոչ մէկ պետ ունենալ:
Անկախութիւնը կ՛իրականանայ միայն այն ատեն, երբ օտարին լուծին տակ գործող լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները հոգիով անկախանան եւ գործեն ի խնդիր հայրենիքին բարգաւաճման: Իսկ եթէ ուշ է այդ մէկը կատարելու, ապա առիթ տան, որ ուրիշներ իրականացնեն իշխանութեան անկախացումը:
Թէեւ անկարելի է պատկերացնել, որ Լիբանանի ապրած այս ճգնաժամային կացութեան մէջ լիբանանցի ղեկավարները տակաւին կը մերժեն հանդիպիլ ու խորհրդակցիլ, բայց եւ այնպէս` ասիկա իրականութեան կը համապատասխանէ:
Անկարելի է նաեւ երեւակայել, որ պետական անձնաւորութիւններ, ընդհանրապէս` երեսփոխաններ, տակաւին զինադուլի չյանգած, իրենց քաղաքական հակառակորդը պատասխանատու կը նկատեն Լիբանանի դէմ սանձազերծուած պատերազմին: Այս իմաստով փայլուն աշխատանք կը տանին երկրին կացութիւնը դէպի լաւը փոխելու խոստումներ տուած փոփոխութեան երեսփոխանները:
Ոչ ոքի արտօնուած պէտք է ըլլայ այս մօտեցումը, այս սանձարձակութիւնը, երբ` Ազգային ուխտի հիման վրայ երկիրը կը ճանչնայ Դիմադրութիւնը, երբ բոլոր կառավարութիւններուն մշակած աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ հաստատուած է կարելի բոլոր միջոցներով Լիբանանը պաշտպանելու իրաւունքը, երբ` գործադիր բոլոր իշխանութիւնները իրենց անդրանիկ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են Ժողովուրդ, Բանակ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազով:
Իսկ եթէ պատերազմի ընթացքին ու անկախութեան նախօրեակին չէ, որ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւնը հաւաքաբար պիտի մտածէ, երկխօսութիւն պիտի կատարէ ու երկրին դիմագրաւած հիմնահարցին լուծում մը գտնելու մասին համախմբուի, ապա ե՞րբ:
Բոլորը անխտիր պատասխանատու են այն տագնապին ու դժբախտութեան, որուն մէջ կը գտնուի երկիրը այսօր: Բոլորը ըսելով` նկատի ունինք բոլոր բոլորը. այսինքն` լիբանանեան քաղաքական ուժերը, շրջանային հեղինակութիւններն ու մեծ պետութիւնները: Բոլորը պատասխանատու են Հըզպալլան զինուորապէս հզօրացնելու եւ, անոր զուգահեռ, լիբանանեան բանակին սահմանափակ կարողութիւններ տալու:
Իսկ եթէ հիմա չէ առիթը երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը մշակելու, ապա ե՞րբ է: Ինչո՞ւ լիբանանցի ղեկավարը պիտի չունենայ իր անկախ որոշումը եւ անցնցում փոխանցում մը չծրագրէ` երաշխաւորելով Դիմադրութեան ու բանակին համարկումը, առանց մէկուն յաղթանակին ու միւսին անձատուր ըլլալուն վերաբերեալ զգայնութիւններ առթելու:
Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադուլի մը յանգելու վերջին նախաձեռնութիւնը հրամցուեցաւ ամերիկեան ափսէով. այդ նախաձեռնութեան իբրեւ պատասխան` Լիբանան իր համաձայնութիւնը յայտնեց: Կը մնայ սպասել ճիւաղային տրամադրութիւններու տէր Նեթանիաուհիին, որ Իսրայէլի պատասխանը տայ, որպէսզի կարելի ըլլայ կողմնորոշուիլ, թէ այսօր` անկախութեան օրուան ու յաջորդող օրերուն ընթացքին, մեզի ի՛նչ կը սպասէ:
Ի վերջոյ, սակայն, այսօր անկախութեան տօնն է, եւ լիբանանցին պիտի ուզէ իր երկրին դրօշը բարձրացնել: Սակայն ո՞ւր, ո՞ւր բարձրացնել Լիբանանի դրօշը:
Աւերակներո՞ւն վրայ, քանդուած գիւղաքաղաքներո՞ւն վրայ, համահարթուած տարածքներո՞ւն վրայ, իր զաւակներուն արեամբ շաղախուած հարաւային Լիբանանի՞ն ու Պեքայի՞ն վրայ, մայրաքաղաքի հարաւային արուարձաններո՞ւն վրայ: Վերոնշեալ այս շրջաններուն մէջ Լիբանանի դրօշը ցարդ կրնայ միայն կիսակայմ ծածանիլ:
Իսկ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով երկրին դրօշակը կարելի է շատ բարձր, պատուով ու ճակատաբաց ծածանեցել գաղթական ու տեղահան դարձած իր եղբայր լիբանանցիին հանդէպ ցուցաբերած քաղաքացիին մարդկայնութեան վերեւ: Այսպիսով, թերեւս կը փորձենք պահել Լիբանանին պատկանելութեան իրականութիւնը` ջանալով կերտել անկախ Լիբանան պետութիւնը:
Սակայն վա՛յ այն օրուան, երբ մենք դառնանք անհանդուրժող եւ կորսնցնելով մարդկայնութեան արժանիքը` կորսնցնենք նաեւ հայրենքը:



