Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Զինադուլէն Հեռու Գացող Երաշխիքներու Պահանջ

November 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններէն հերթական անգամ պարզ կը դառնայ, որ պաշտօնական Պէյրութը կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի 1701 որոշումին: Այս կառչածութեան իմաստը նաեւ այն է, որ Իսրայէլի կողմէ առաջադրուած փոփոխութիւնները մերժելի են Լիբանանի կողմէ: Խորհրդարանի նախագահին յայտարարութիւնները կ՛ամփոփուին հետեւեալ կէտերով. 1701-ի գործարկման համաձայնութիւն, զինադուլի հաստատում, խորհրդարանի նիստի հրաւէր եւ նախագահի ընտրութեան օրակարգի կայացում:

Ծայրայեղ զգուշաւոր մօտեցում կը տիրէ ամերիկացի պատուիրակին Պէյրութ-Թել Աւիւ այցելութեան առիթով: Յայտնաբար անիկա կը վերաբերի զինադադարի համաձայնութեան բարեփոխուած նախագիծին, որուն շուրջ կ՛ընթանան բանակցութիւնները:

Կը թուի, որ հանգուցային կէտ կայ  այս բոլորին մէջ: Ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներ կ՛արծարծեն այս կէտերը հետեւեալ տրամաբանութեամբ: Զինադադարի ամերիկեան առաջարկին լիբանանեան պատասխանին առանցքը իսրայէլեան զինուորական միջամտութեան եւ օդային տարածքին  վերահսկողութեան մերժումն է. փոխարէնը առաջարկուած է որոշումներու գործադրութեան վերահսկող միջազգային յանձնախումբ ստեղծել:

Վերահսկողութեան ձեւաչափին եւ անոր բաղադրութեան շուրջ տակաւին չկայ համաձայնութիւն: Խորհրդարանի նախագահին գլխաւորած խմբակցութեան երեսփոխանը յայտարարած էր, որ արգելք չունին ամերիկեան եւ ֆրանսական միացեալ վերահսկողութեան նկատմամբ: Թել Աւիւը անուղղակի պատասխանած էր, անուղղակի խօսափողի միջոցով, առաջարկելով ամերիկեան եւ բրիտանական միացեալ վերահսկողական գործիքակազմ մը: Ինչ որ իր հերթին ֆրանսական գործօնի դուրս մղման նպաստող պատկերացում էր:

Այս բոլորէն կը հետեւցուի, որ լիբանանեան կողմը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան եւ կայացած համաձայնութիւններու վերահսկողութեան համար նոր գործիքակազմ յառաջացնելու իր համաձայնութիւնը տուած է: Գնդակը կը գտնուի իսրայէլեան դաշտին մէջ, որ անվերջ կը խստացնէ իր պայմանները` հասնելու համար ի՛ր կողմէ ամբողջական վերահսկումի նպատակին:

Յայտնաբար միջազգային երաշխիքները չեն բաւարարեր Իսրայէլը, որ կը շարունակէ խոչընդոտել հաւանական որեւէ համաձայնութեան որեւէ նախագիծ: Այստեղ ո՛չ լիբանանեան բանակը, ո՛չ ՖԻՆԻՒԼ-ը, ո՛չ ալ առաջարկուող ֆրանսեւամերիկեան միացեալ վերահսկողութիւնը երաշխիքներ չեն նկատուիր Թել Աւիւի համար, որ կը շարունակէ պահանջել որեւէ պահու զինուորական գործողութիւն իրականացնել լիբանանեան օդային, ջրային եւ ցամաքային տարածքներու վրայ:

Երեւութապէս կայ համախոհութիւն Պէյրութի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ ընդհանուր հանգուցալուծման սկզբունքներուն շուրջ: Մինչ Իսրայէլ յարափոփոխ յայտարարութիւններով կը ձգձգէ զինադուլի համաձայնութիւնը, ուժեղացնելով հրթիռակոծումներն ու քանդումները:

Աւելի պարզ կը դառնայ այստեղ, որ առաջադրուած նպատակը ոչ միայն Հըզպալլան կազմաքանդելն է կամ «արտօնելը», որ միայն քաղաքական կազմակերպութեան վերածուի ամբողջովին զինաթափուելով, այլ լիբանանեան գերիշխանութեան առեւանգումը: Աւելի հեռուն կ՛երթայ ամբողջական վերահսկողութեան այս առաջադրանքը` հասնելու համար տարածաշրջանին մէջ զինուորական գերակայութիւն հաստատելու նպատակին:

7 հոկտեմբերով առկախուած էին արաբական երկիրներ-Իսրայէլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացները: Անոնք կրնան վերսկսիլ Կազայի հակամարտութեան կամ Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմի աւարտով եւ նոր համաձայնութիւններով: Դէպի Լիբանան սանձազերծուած քանդիչ պատերազմով Իսրայէլ այս ամբողջը կը ծառայեցնէ Միջին Արեւելքի քաղաքական նոր քարտէսին վրայ ամուր դիրքեր գրաւելու ծրագիրին: Լիբանանեան օդային տարածքին մէջ անընդհատ ճախրելով, Սուրիա-Լիբանան ցամաքային սահմանները վերահսկելով եւ միջերկրականեան ջրային տարածքներու վրայ  ռազմանաւերը անվերջ համալրելով, Իսրայէլ տարածաշրջանին մէջ գերակայ ուժի դիրքերը վերաամրացնելու վախճանական նպատակակէտին կը փորձէ հասնիլ:

Ժամանակաւոր զինադուլ, երկարաժամկէտ հրադադար թէ ընդհանուր խաղաղութեան համաձայնութիւն` Թել Աւիւի համար նշուած երաշխիքներով պայմանաւորուած են: Երաշխիքներ, որոնք կը փորձէ իրականացնել փուլային տեսքով:

«Ա.»

Նախորդը

Հըզպալլա Ձախողութեան Կը Մատնէ Իսրայէլեան Բանակի Խիամի Եւ Շամհի Մէջ Յառաջանալու Փորձերը

Յաջորդը

Արցախահայերուն Վերջնագիր` Զինաթափուելու Եւ Ազրպէյճանի Միանալու Պահանջով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.