Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 18, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպանները յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին իրար միջեւ խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենան»:

Աղբիւրը կը նշէ, որ հանդիպումը պիտի քննարկէ հաղորդակցութիւններու վերաշխուժացումը եւ «բոլոր քաղաքական կողմերուն մասնակցութեամբ» համախմբող նախագահի մը ընտրութեան նպաստելու համար իրենց կատարած գաղափարներու փոխանակումն ու խորհրդակցութիւնները:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ հնգեակի օրակարգին վրայ` իսրայէլեան յարձակումի դադրեցման վրայ աշխատող կողմերուն հետ համակարգաբար, կրնայ կէտ մը եւս աւելնալ:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլեան թշնամին ուղղակի կերպով թիրախաւորեց Հասպայայի Ալմարի գիւղին մէջ բանակին մէկ կեդրոնը, այդ պատճառով ալ զինուոր մը նահատակուեցաւ, եւ վիրաւորուեցան երեք ուրիշներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը վտանգաւոր է»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի մէջ զինուորական ղեկավարութեան կարծիքով բանակը աւարտած է հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ ճշդուած «առաքելութիւնը» եւ այլեւս կ՛աշխատի «իր զինուորական ձեռքբերումներու պահպանման վրայ»` սպասելով քաղաքական լուծումին, որ զինք զերծ կը կացուցէ լիբանանեան տիղմին մէջ մխրճուելէ, եւ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան կացութեան մը մէջ, ուր զինուորական օրակարգի ժամանակացոյցը արագ կ՛ընթանայ, իսկ քաղաքական որոշումները աւելի դանդաղ  կ՛որդեգրուին:

Օրաթերթը նշեց, որ հակառակ իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ իր գործողութիւնները ընդլայնելու յայտարարութեան, հիւսիսային ճակատին վրայ իր կուտակած մեծ ուժերը հարաւային Լիբանանի գիւղերուն մէջ կը կատարեն «սահմանափակ» գործողութիւններ, որոնք սահմանէն 4 կամ 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ցամաքային ներթափանցման ծիրին մէջ են:

– ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հարաւային Լեռնալիբանանի շրջանի մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց եւ անդրադառնալով Ուատի Զենայի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու անցարգելին վրայ կրակոցին յայտնեց. «Կասկածելի կողմեր կը փորձեն անվտանգութիւնը ոտնահարել եւ շրջանին մէջ սադրանք յառաջացնել»:

Մուսթաքպալ հոսանքը դատապարտեց դէպքը` զայն նկատելով «բացարձակ սադրիչ արարք մը»:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Նախագահը Հրաժարած Է ՔՈՓ29-ին Մասնակցելու Համար Պաքու Մեկնելէ

Յաջորդը

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Բողոքէ Իր Իսրայէլացի Պաշտօնակիցին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.