Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՔՈՓ 29-ը Հիւրընկալող Ազրպէյճան Յանցագործ Պետութիւն Է». Արտակ Բեգլարեան` «Ֆիկարօ»-ին

November 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նախկին պետական նախարար եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ 9 նոյեմբերին (ՔՈՓ 29-ի մեկնարկէն առաջ) հրապարակուեցաւ թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ ելեկտրոնային տարբերակներով. լուրը հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը` դիտել տալով, որ հարցազրոյցին թարգմանութիւնը տարածած է Արտակ Բեգլարեանի գրասենեակը:

Հեղինակը նախաբանին մէջ յիշեցուցած է, որ նոյեմբերի կէսերուն Պաքուի մէջ բացումը պիտի կատարուի կլիմային վերաբերող ՄԱԿ-ի նոր վեհաժողովին:

«Իր առաւել քան 100.000 հայրենակիցներուն հետ հայրենիքէն բռնի տեղահանուած Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կոչ կ՛ուղղէ` ճնշում բանեցնելու նախագահ Ալիեւի վարչակարգին վրայ, որ, ըստ անոր, հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն կատարած է: Անոր դէմքին վրայ տառապանքներու հետքեր կան, սակայն ձայնը վճռական է», կ՛ըսուի վերոնշեալ հարցազրոյցին նախաբանին մէջ:

Հեղինակը կը պատմէ, որ 19 սեպտեմբերին Արտակ Բեգլարեան եւ իր հայրենակից Գեղամ Ստեփանեան Միջազգային քրէական դատարանին բողոք ներկայացուցին: Անոնց ակնկալութիւնն է, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն վերաբերող հետաքննութիւն սկսի:

«Ասիկա ցեղասպանութիւն է: Միայն քաղաքական գործիչները կը խուսափին այդ բառը օգտագործելէ: Վստահ եմ, որ օր մը անիկա միջազգային հանրութեան կողմէ կը ճանչցուի», կ՛ըսէ Արտակ Բեգլարեան:

Լրագրողը կը շեշտէ, որ հարցազրոյցին թուականը զուգադիպութեամբ չէ ճշդուած. «11 նոյեմբերին Պաքուի մէջ բացումը պիտի կատարուի ՔՈՓ 29-ին` կլիմայի վերաբերեալ մեծ միջազգային վեհաժողովին: Եւ ասիկա տեղի կ՛ունենայ այն ատեն, երբ առնուազն 23 հայ գերիներ տակաւին կը պահուին նախագահ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ», կը գրէ պարբերականը` մէջբերելով Արտակ Բեգլարեանի այն խօսքերը, ըստ որոնց, իրականութեան մէջ կան բազմաթիւ հիմքեր պնդելու, որ գերիներուն թիւը շուրջ 100 է:

«Մեծ մասին պարագային նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ արդեօք անոնք ո՞ղջ են», կ՛ըսէ Բեգլարեան:

Հարցազրոյցին հեղինակը կը պատմէ, որ Բեգլարեան բազմաթիւ զրկանքներ ապրած է: Ծնելով 1988-ին, Ստեփանակերտի մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին, ան կը յիշէ մանկութեան բանաստեղծութիւնները, երգերը եւ մեղեդիները:  Ան ընդամէնը չորս տարեկան էր, երբ հայրը զոհուեցաւ ճակատին վրայ` ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ: Երկու տարի ետք, ընկերներուն հետ բակին մէջ խաղալու ընթացքին, ականի մը պայթումը զայն կոյր դարձուց: 16 տարեկանին մայրը մահացաւ սրտի կաթուածով` տղան բոլորովին առանձին ձգելով: Հակառակ այս բոլորին, ան կրցաւ ուսանիլ Երեւանի մէջ` Հայաստանի մայրաքաղաքին, իսկ յետոյ` հեղինակաւոր Լոնտոնի համալսարանական քոլեճի մը մէջ, ուր անոր առաջարկեցին մնալ», կը գրէ թերթը:

«Բայց ես վերադարձայ հայրենիք` իմ ժողովուրդիս ծառայելու համար: Ասիկա իմ կեանքիս առաքելութիւնն է, որ զիս տուն վերադարձուց», կը յայտնէ Բեգլարեան:

Շարունակելով պատմել Բեգլարեանի մասին` «Ֆիկարօ»-ի լրագրողը կը յայտնէ, որ ան դարձաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ապա` նախագահի աշխատակազմի ղեկավար եւ պետական նախարար: Թերթը կ՛ընդգծէ, որ դեկտեմբեր 2022-ին` Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մեկնարկով, կեանքը հոն աստիճանաբար անտանելի դարձաւ: Կենսական ապրանքները պակսեցան` ձէթ, հացահատիկ եւ այլն: 2023 թուականի սկիզբը Հայաստանէն ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը խափանուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ:

«Քանի մը շաբաթ շարունակ ես ու կինս հաց չէինք ուտեր, որպէսզի կարողանայինք զայն տալ մեր երկու դուստրերուն… Ձմրան մենք ելեկտրականութիւն ունէինք օրական միայն 12-16 ժամ: Մարդիկ ջեռուցում չունէին, եւ դպրոցները ժամանակաւորապէս փակուեցան: Նոյնիսկ ջուրի մատակարարումը խնդիր դարձաւ», կ՛ըսէ Բեգլարեան:

«Ֆիկարօ»-ն կը տեղեկացնէ, որ 19 սեպտեմբեր 2023-ին, երբ Ազրպէյճանի զօրքերը վերջնականապէս ներխուժեցին Լեռնային Ղարաբաղ, Արտակ Բեգլարեան իմացաւ, որ ազրպէյճանցի զինուորները զինք կը փնտռէին: Ան որոշեց իր ընտանիքին հետ փախչիլ:

«Մօտ 27 ժամ պահանջեց շուրջ 50 քիլոմեթր անցնիլը` մինչեւ Հայաստանի սահմանը: Ես նոյնիսկ ինքնաշարժէն չիջայ, հարազատներս կը վախնային, որ զիս կը ձերբակալեն կամ կը սպաննեն», կը պատմէ ան:

Այսօր Արտակ Բեգլարեան գաղթական է` բարեկամներու մօտ, Երեւանի մէջ: «Ես մասնակի աշխատանք ունիմ իմ ընտանիքիս կարիքները հոգալու համար: Մնացած ժամանակը ես աշխուժօրէն կը շարունակեմ պայքարիլ իմ ժողովուրդիս իրաւունքներու պաշտպանութեան համար», կ՛ըսէ ան:

ՔՈՓ 29-ի նախաշեմին Բեգլարեան կոչ ուղղեց պահուող բոլոր հայ պատանդները ազատ արձակելու:

«Ան նաեւ կը փափաքի, որ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը աջակցին իրենց բողոքին` Միջազգային քրէական դատարանին մէջ: Ֆրանսացի երկու փաստաբաններու` Քաթալինա տը լա Սոթայի եւ Ֆրանսուա Զիմերէյի կողմէ ներկայացուած այս բողոքը շատ քիչ հաւանականութիւն ունի յաջողելու, եթէ չստանայ Հռոմի կանոնակարգի վաւերացուցած եւ ՄՔԴ իրաւազօրութիւնը ճանչցող պետութիւններէն գոնէ մէկուն աջակցութիւնը: Ան յոյս ունի նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը խիստ պատժամիջոցներ կը կիրարկէ այդ յանցագործութիւններու հեղինակներուն նկատմամբ», կ՛ըսէ թերթը` մէջբերելով Բեգլարեանի այն նկատառումը, որ երբ քաղաքական աջակցութիւնը կը սահմանափակուի գեղեցիկ խօսքերով եւ կարեկցանքով, իրական աջակցութիւն չէ:

«Բռնապետները, յատկապէս` ցեղասպանութիւններու հեղինակները, կ՛անտեսեն յայտարարութիւններն ու խօսքերը», կ՛ընդգծէ Բեգլարեան:

Նախորդը

Ինչպէ՞ս ՔՈՓ29-ը Քարիւղի Հսկաներուն Խաղավայրը Դարձաւ` Յանուն Կլիմայի Փոփոխութեան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ռենտըլի 3 Կէտերը Պարտութեան Մատնեցին Սանզը. Քլիվլենտ Կը Շարունակէ…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.