Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոպախիծէ. «Եթէ Համապատասխան Շահագրգռուածութիւն Ըլլայ, Պատրաստ Ենք Օգնելու Եւ Աջակցելու Հայաստան-Ազրպէյճան Կարգաւորման»

November 16, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանը պատրաստ է միջնորդի դեր խաղալու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ, եթէ անոնք այդ մէկը ցանկան: Այս մասին, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, Վրաստանի պետական պատկերասփիւռի Ա. ալիքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է հանրապետութեան վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

«Եթէ Վրաստանի նկատմամբ շահագրգռուածութիւն ըլլայ, օրինակ, իբրեւ միջնորդ կամ այլ կերպ աւելի գործնական ներգրաւուելու բանակցութիւններու ապահովման հոլովոյթին մէջ, այս առումով մենք միշտ կ՛արձանագրենք մեր պատրաստակամութիւնը:

«Այս պատրաստակամութիւնը այսօր ալ ուժի մէջ է: Եթէ համապատասխան շահագրգռուածութիւն ըլլայ, մենք պատրաստ ենք մեր օգնութիւնն ու աջակցութիւնը առաջարկելու մեր երկու դրացի երկիրներուն», ըսած է Քոպախիծէ:

Վրաստան մէկ անգամ չէ, որ միջնորդութիւն կատարած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ: Մասնաւորաբար, Վրաստանի միջնորդութեամբ 2021 թուականի յունիսին Ազրպէյճանը Հայաստանին յանձնած է 15 զինուոր, իսկ Երեւանը Պաքուին փոխանցած է ականապատ տարածքներու քարտէսներ:

Միջնորդութեան մէկ այլ օրինակ էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է 16 յուլիս 2022-ին, Թիֆլիսի մէջ:

Հոկտեմբեր 2023-ին Թիֆլիսի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի վարչապետներու եռակողմ հանդիպումը:

Նախորդը

Թրամփ. «Ուքրանիոյ Կացութեան Հետ Աւելի Լաւ Պիտի Վարուինք»

Յաջորդը

Պաքու «Ոչ Կառուցողական Մօտեցում» Կ՛որակէ ՔՈՓ29-ին Չմասնակցելու Փարիզի Որոշումը

RelatedPosts

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»
Հայկական

Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.