Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու «Ոչ Կառուցողական Մօտեցում» Կ՛որակէ ՔՈՓ29-ին Չմասնակցելու Փարիզի Որոշումը

November 16, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆրանսայի նախարարի ՔՈՓ29-ին մասնակցելէ հրաժարիլը ոչ կառուցողական մօտեցում է», լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Ան նշած է, որ որեւէ պատրուակով խորհրդաժողովին չմասնակցիլը սխալ քայլ է Ֆրանսայի կողմէ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան յառաջատար երկիր, որ ինքզինք կը նկատէ նաեւ կլիմայի փոփոխութեան ոլորտին մէջ յառաջատարներէն մէկը:

Ֆրանսայի շրջակայ միջավայրի նախարարը մերժած էր Պաքու մեկնիլ, երբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանսան մեղադրած էր «գաղութատիրական քաղաքականութեան եւ յանցագործութիւններու» մէջ:

Պայրամով նաեւ անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի օրերս Ազգային ժողովին մէջ կատարած յայտարարութեան յայտարարեց. «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացման հարցը նոր նիւթ չէ:

Փաշինեան Քազանի մէջ կատարուած յայտարարութիւններէն ետք խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, որ շրջանային հաղորդակցութիւններու բացման հարցին մէջ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կրնան ունենալ փոխադարձ ընդունելի լուծում եւ որ առաջարկը Երեւանը գրաւոր ձեւով փոխանցած է Պաքուին:

Պայրամով, վկայակոչելով 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութիւնը, ըսաւ, որ այդ յայտարարութեան կէտին մէջ կը նշուին Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները:

«Երեքուկէս տարուան քննարկումներէն ետք «համաձայնութիւն ձեռք ձգուած է» արտայայտութիւնը կը նկատենք ուշացած: Այդ համաձայնութիւնը պէտք է շատոնց ձեռք բերուած ըլլար: Եթէ այս հարցին մէջ տակաւին պաշտօնական փաստաթուղթ չկայ, եթէ Հայաստանը այս ուղղութեամբ աշխատանքներ չէ սկսած, ուրեմն տակաւին բաց հարցեր կան: Իսկ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ արդէն երկար ժամանակ է արագ կշռոյթներով աշխատանքներ կ՛ընթանան փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու ստեղծման ուղղութեամբ եւ անոնք շուտով պիտի հասցուին Հայաստանի հետ սահմանին», ըսաւ Պայրամով:

 

Նախորդը

Քոպախիծէ. «Եթէ Համապատասխան Շահագրգռուածութիւն Ըլլայ, Պատրաստ Ենք Օգնելու Եւ Աջակցելու Հայաստան-Ազրպէյճան Կարգաւորման»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»
Հայկական

Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.