Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որքա՞ն Կը Վաստկին Աշխարհի Աղջիկ Լաւագոյն Ֆութպոլիստները

November 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղջկանց ֆութպոլը տարիէ տարի կը զարգանայ եւ կը յառաջդիմէ: Հակառակ ատոր, վստահաբար հետաքրքրութիւնը եւ մակարդակը եւ անշուշտ նիւթական վարձատրութեան տարբերութիւնը շատ մեծ է:

Զարմանալի բան չէ, որ Անգլիոյ եւ Չելսիի լաւագոյն ֆութպոլիստ Լիւսի Պրոնզ վերջերս ըսած էր, որ կին ֆութպոլիստներու 99,9 տոկոսը իր ասպարէզը աւարտելէ ետք իր կուտակած դրամները չի կրնար վայելել:

Բայց ճիշդ որքա՞ն կը վաստկին աղջիկ մարզիկները, մանաւանդ որ աղջկանց ֆութպոլի աշխատավարձերը պաշտօնապէս չեն բացայայտուիր: Հակառակ անոր, որ կարելի է որոշ տեղեկութիւններ ունենալ ամէնէն բարձր վարձատրուող կին ֆութպոլիստներու վերաբերեալ:

Ներկայիս ամէնէն բարձր վարձատրուող կին ֆութպոլիստը կը նկատուի սպանացի Այթանա Պոնմաթին (Պարսելոնա): Ան յաջորդական 2-րդ տարին ըլլալով աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստն ալ է:

Պոնմաթի 26 տարեկանին գրեթէ ամէն բան շահած է: Ան աշխարհի ախոյեան է, Սպանիոյ ախոյեան (5 տարիներ), Սպանիոյ բաժակակիր (6 անգամ), «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան (3 անգամ) եւ վերջին 2 տարիներու «Ոսկի գնդակ»-ի տիտղոսակիր:

Սեպտեմբերին Պոնմաթի բոլոր ակումբներուն մերժեց մնալով Պարսելոնայի հետ. երկարաձգելով իր պայմանագիրը մինչեւ 2028, դառնալով աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստը:

Այթանայի նոր աշխատավարձին գինը չէ բացայայտուած: Ըստ «Լա թրիպիւնա»-ի եւ «Ռելեւօ»-ի, ան այժմ տարեկան կը վաստկի 750 հազարէն 1 միլիոն եւրոյի միջեւ:

«Ռելեւօ» կը պնդէ, որ Չելսին պատրաստ էր մինչեւ 11 միլիոն եւրօ վճարելու 4 տարիներու ընթացքին, բայց Այթանա նախընտրած է մնալ Պարսելոնա:

Իրապէս շատ մեծ է տարբերութիւնը եկամուտներու միջեւ, եթէ բաղդատենք տղայ եւ աղջիկ ֆութպոլիստները:

Ըստ «Ֆորպզ»-ի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ միայն ֆութպոլ խաղալով տարուան ընթացքին կը շահի 220 միլիոն ամ. տոլար, Մեսսի` 60 միլիոն տոլար, Նէյմար` 80 միլիոն, իսկ Էմպափէ` 70 միլիոն:

Կրնանք տեսնել, թէ աղջիկ ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիկը կը ստանայ եւրոպական որեւէ միջակ կամ կարգով վարին մակարդակի տղայ ֆութպոլիստի մը չափ:

Կիներու ֆութպոլը արագօրէն կը շարունակէ զարգանալ, սակայն ֆութպոլի փառքն ու գահը տակաւին կը պատկանի տղոց:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Կը Մօտենայ Մրցանիշի. «Ուեմպի» 50 Կէտ Նշանակեց

Յաջորդը

Ի՞նչ Կը Պատահի Ռէալ Մատրիտի Մէջ

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.