Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կը Յայտնէ, Որ Լիբանանի Եւ Անոր Գերիշխանութեան Հաշուոյն Լուծումը Մերժելի Է

November 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեկնաբանեց իր պայմաններով լուծումի եւ  ի շահ իրեն կարգաւորման Իսրայէլի առաջարկը` նշելով. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է. զինադադար եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրում: Ետքը, կա՞յ ողջախոհ անձ մը, որ կը կարծէ, թէ համաձայն պիտի ըլլանք կարգաւորման մը կամ լուծումի մը, որ Իսրայէլի շահը կ՛ապահովէ ի վնաս Լիբանանի եւ անոր գերիշխանութեան»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:

«Անցեալ սեպտեմբերին ֆրանսացիները առաջարկեցին նախաձեռնութիւն մը, որ որդեգրուեցաւ ամերիկացիներուն կողմէ, բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ ստորագրուեցաւ եւ բացայայտուեցաւ պատերազմին վերջ տալու կոչի ձեւով: Բոլորը ընդառաջեցին այդ կոչին, բացի Իսրայէլէն, որ միակն էր, որ անոր չընդառաջեց եւ այդ ջանքը ականահարեց: Այժմ այդ կոչը մեր ետին է, եւ անոր ետդարձ չկայ, որովհետեւ պահանջուածը զինադադարն է եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը առանց ոչ իսկ մէկ տառ աւելիի կամ նուազի, եւ ատոր շուրջ է, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ համաձայնեցանք»:

Մեկնաբանելով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քացի յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ Հըզպալլային յաղթած է, Պըրրի ըսաւ. «Ո՞ր յաղթանակին մասին կը խօսին, Կազայի մէջ յաղթեցի՞ն, 13 ամիս պատերազմէ ետք, եւ չկրցան գերիները վերադարձնել, չկրցան Համասը ոչնչացնել: Ընդհակառակն` Համաս տակաւին կը կռուի եւ կատաղի կերպով կը դիմադրէ, իսկ իսրայէլացի գերիները տակաւին իր մօտ են:

«Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ղեկավարներու ահաբեկումներ կատարեցին, տուներ քանդեցին, քաղաքային շէնքեր քանդեցին եւ քաղաքայիններ սպաննեցին: Ատիկա յաղթանա՞կ էր, իրողական գետնի վրայ յաղթեցի՞ն, այդ ահաբեկումները եւ ամբողջ քանդումն ու սպանութիւնը զիրենք յաղթելու կարող դարձուցի՞ն: Լիբանանի վրայ պատերազմի սկիզբէն 45 օր անցաւ, եւ իրենց օգտագործած ամբողջ ուժով  չկրցան յառաջխաղացք արձանագրել եւ թիրախաւորուած լիբանանեան գիւղերուն մէջ որեւէ տեղ տեղաւորուիլ: Ընդհակառակն` կը ներթափանցեն, ապա կը փախչին, այս իմաստով մարտական դաշտին մէջ ոչինչ փոխեցին: Մարտի դաշտն է, որ վերջ ի վերջոյ իր խօսքը կ՛ըսէ»:

Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի մտահոգութեան, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կրնայ իր դէմ որոշում որդեգրել, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը յայտնեց. «Իսրայէլ ե՞րբ յարգեց Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները, ե՞րբ անոնց կարեւորութիւն ընծայեց, եւ եթէ զանոնք կը յարգէր եւ անոնցմէ կը մտահոգուէր, գործադրած կ՛ըլլար որդեգրուած որոշումներու շարքը, մասնաւորաբար թիւ 242 եւ 338 որոշումները, յարգած կ՛ըլլար թիւ 1701 որոշումը, զոր աւելի քան 30 հազար անգամ խախտեց»:

Նախորդը

Միքաթի Պըրրիին Ներկայացուց Արաբական-Իսլամական Վեհաժողովի Արդիւնքներն Ու Իր Հանդիպումները

Յաջորդը

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին Համաձայն Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու Յղած Պատգամը Այն Է, Որ Լիբանանի Մէջ Կռիւի Սպառումով Քանի Մը Շաբաթէն Կարգաւորում Կը Փափաքի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.