Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Եթէ պատերազմը ընդլայնուի, անոր ազդեցութիւնը միայն Արեւմտեան Ասիայով պիտի չսահմանափակուի, այլ աշխարհի ուրիշ շրջաններու վրայ պիտի տարածուի»:
«Իրան պիտի չտատամսի լիբանանցի ժողովուրդին եւ դիմադրելու իրաւունքին աջակցելու», ըսաւ Արաղչի:
«(Հըզպալլայի) նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար Դիմադրութեան կողքին դիւանագիտութեան կը հաւատար», նշեց ան:
«Սիոնական ոճիրները աշխարհի մէջ արդարութիւնը կը քայքայեն, եւ սիոնական գոյացութիւնը իր յարձակողական քաղաքականութեամբ ոչ միայն շրջանի անվտանգութիւնը կը քայքայէ, այլ նաեւ միջազգային համակարգը», ըսաւ Արաղչի:


