Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Դեղերը կը շարունակեն Լիբանան հասնիլ, եւ առողջապահութեան մարզի տոկունութիւնը կախեալ է իսրայէլացի թշնամիի յարձակողապաշտութենէն»:
«Մենք աշխատանք կը տանինք զինադադարի հաստատման դիւանագիտութեան աջակցելու եւ այս դժուար կացութեան մէջ ներքին միասնականութիւնը պահպանելու, որպէսզի չներքաշուինք Իսրայէլի ուզած սադրանքի սերմանման մէջ», ըսաւ երեսփոխան Ապտալլա:
Ան նաեւ շեշտեց. «Լիբանան պատրաստ է զինադադարի հաստատման, սակայն խնդիրը Իսրայէլի մօտ է»:
«Մենք այսօր նախքան վաղը հանրապետութեան նախագահ ընտրելուն հետ ենք, սակայն եթէ կայ մէկը, որ կը կարծէ, թէ կրնայ Իսրայէլի հետ պատերազմի արդիւնքը ներքին ճակատի վրայ շահարկել, կը սխալի, որովհետեւ ոչ ոք միւսը կրնայ ջնջել», նշեց Ապտալլա:


