Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին իր պատերազմին մէջ կը դիմէ լայնածաւալ քանդումի գործելաոճին, որ կը ներառէ հարաւի, Պեքայի եւ Հարաւային արուարձաններու մէջ տարբեր շրջաններ»: Ան այս մասին յայտնեց «Ալաֆտալ Նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Պըրրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ անմիջական զինադադարի հաստատման եւ առանց փոփոխութեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան:
Խորհրդարանի նախագահը ըսաւ, որ իսրայէլեան բռնագրաւումը կը դիմէ սահմանի ամէնէն մօտ գտնուող գիւղերու «հողի հաւասարեցման»` շեշտելով. «Թշնամին կ՛ուզէ, որ բռնագրաւեալ Պաղեստինին դրացի սահմանային շրջանները անբնակելի ըլլան, սակայն կը վստահեցնեմ, որ անմիջապէս որ պատերազմը աւարտի, բնակիչները իրենց քանդուած գիւղերը պիտի վերադառնան եւ հողին ու փլատակներուն վրայ պիտի ապրին, մինչեւ որ անոնք վերաշինուին»:
Ինչ կը վերաբերի այսօր Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով գումարուելիք արաբական-իսլամական միացեալ արտակարգ վեհաժողովէն ակնկալութեան, Պըրրի շեշտեց. «Այս արտակարգ եւ զգայուն պայմաններուն մէջ անկէ կը սպասուի տալ գործնական արդիւնքներ, որոնք զինադադարի հաստատման եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին վերջ տալուն կը յանգեցնեն»:
Ինչ կը վերաբերի ներլիբանանեան բեմին, Պըրրի մերժեց որեւէ ձեւով մեկնաբանել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի այն յայտարարութիւնը, թէ կարելի է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստ գումարել առանց շիի համայնքի մասնակցութեան:


