Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուալի – Սայտա Անցարգելին Մօտ` Իսրայէլեան Յարձակումի Հետեւանքով 3 Քաղաքայիններ Զոհուեցան Եւ 3 Բանակայիններ Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի 4 Անդամներ Վիրաւորուեցան

November 8, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտնեց, որ իր օդուժը վերջին 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ Հըզպալլային պատկանող եւ Կազայի մէջ Համաս շարժումին պատկանող աւելի քան 110 թիրախներ հարուածած է:

Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, որ «վեցերորդ անգամ ըլլալով» հրթիռակոծած է Մարուն Ռաս գիւղի արեւելեան ծայրամասերուն մէջ իսրայէլեան բանակի մէկ շարժումը:

Մինչ այդ, իսրայէլեան օդուժը չորեքշաբթի գիշերէն մինչեւ հինգշաբթի առաւօտ շարք մը յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ` թիրախաւորելով Ուզահի, Հարեթ Հրէյք, Հարեթ Պաաժուզ եւ Թահուիթաթ Ղատիր-Մահաթթաթ Հիլալ շրջանները:

Ուզահիի վրայ օդային յարձակումները հարուածեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին կից շրջան մը: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Պէյրութի օդակայանին մօտ բանակին յարձակումները վնասներ պատճառեցին օդակայանի ենթակառոյցին»:

Հանրօգուտ շինութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ «Էքս»-ի վրայ գրառում  կատարելով յայտնեց. «Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» միջազգային օդակայանը բնական կերպով կը գործէ»:

Իսրայէլեան օդուժը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ գործեց շուրջ 9 յարձակումներ` երեք յարձակումներ Հարեթ Հրէյքի վրայ, 2 յարձակումներ` Հայ Ապիատի («Ռայա» մարզադաշտի թաղ) վրայ, իսկ մէկական յարձակումներ Լայլաքի-Մրէյժէ, Մաամուրա, Պըրժ Պարաժինա եւ Հայ Ամերքան թաղամասերուն վրայ:

Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան օդուժը առաւօտէն ձեռնարկեց յարձակումներու` հարուածելով Եըհմոր Շքիֆ գիւղի Լիթանի գետի հունին մօտ եղող ծայրամասերն ու գիւղի կեդրոնի արեւելեան կողմը: Գիւղի մերձակայքը ռմբակոծուեցաւ տարանջատուող ռումբերով, որոնց օգտագործումը միջազգայնօրէն արգիլուած է:

Հրետանիով ռմբակոծման ենթարկուեցան նաեւ Սաֆատ Պաթթիխ, Այթա Ժապալ, Պարաաշիթ, Սարաֆանտ եւ Թպնին գիւղերը:

Պեքայի մէջ, իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Հերմել քաղաքի մերձակայքին, Սուրիոյ սահմանին վրայ գտնուող Քալտ Սաապ ճամբուն եւ Հաուշարիէ գիւղին վրայ:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երէկ դարձեալ թիրախաւորեց Լեռնալիբանանի մէջ Քահհալէի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը: Զինուորական աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, թէ առնուազն մէկ հրթիռ թիրախաւորած է նշեալ ինքնաշարժը:

Լիբանանեան բանակի Սայտայի հիւսիսային մուտք-Աուալի կէտին վրայ գտնուող անցարգելին մօտ եւս ինքնաշարժ մը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ: «Լեպանոն Տիպէյթ» հաղորդեց, որ այդ պահուն նշեալ վայրէն կ՛անցնէր ՖԻՆԻՒԼ-ի կարաւան մը, որուն մէջ գտնուողներ վիրաւորուած են: Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ յարձակումին պատճառով 3 քաղաքայիններ նահատակուած են եւ 3 բանակայիններ ու ՖԻՆԻՒԼ-ի 4 անդամներ վիրաւորուած են:

Հըզպալլան իր կարգին հրթիռակոծեց Հանիթա եւ Լիման բնակեցման վայրերուն մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:

Կուսակցութիւնը նաեւ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց արեւմտեան Գալիլիոյ Նաթուղա, Շթոլա, Զըրհիթ եւ Շումիրա, Հանիթա, Միցովահ եւ Քրիոթ բնակեցման վայրերուն, ինչպէս նաեւ Աքքա, Նահարիա եւ Հայֆա քաղաքներուն ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին. «Հըզպալլան տակաւին կը յաջողի պահպանել իր հրթիռային կարողութիւններն ու բազմաթիւ անօդաչու թռչող սարքերը»:

Նախորդը

Խամենէի. «Հըզպալլան 40 Տարուան Ընթացքին Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դիմադրելով Հսկայական Ձեռքբերումներ Արձանագրելով Շրջանային Հզօր Ուժի Վերածուեցաւ»

Յաջորդը

Պաքու Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Տակաւին Վիճելի Կէտերը Կը Գաղտնազերծէ. Երեւան Կ՛արձագանգէ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.