Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Պաալպեքի Եւ Սուրի Վրայ Յարձակումներու Շարք Մը Գործեց

October 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ Պաալպեքի, Այն Պուրտայի եւ Տուրեսի բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է անմիջապէս հեռանան: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ լքուելիք շրջաններու քարտէսը կը ներառէ Պաալպեքի հռոմէական աւերակները: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց. «Մզկիթներէն եւ եկեղեցիներէն կոչեր կը հնչեն դատարկելու Պաալպեք քաղաքը»:

Իսրայէլեան օդուժը աւելի ուշ բուռն ու իրերայաջորդ կերպով յարձակումներ գործեց Պաալպեք քաղաքի եւ Տուրես, Շմըսթար, Այն Պուրտայ եւ Ըսէյրա գիւղերուն վրայ:

Իսրայէլեան բանակը հրետանիով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Շեպաա, Ժըպպին, Թէյր Հարֆա եւ Շամաա գիւղերը, ինչպէս նաեւ օդային յարձակումներ գործեց Պայատա շրջանին, Խիամ գիւղին եւ Լիթանի գետի հունին վրայ:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը իրենց կարգին յարձակում գործեցին Լեռնալիբանանի Արայա-Քահհալէ միջազգային ճամբուն վրայ ինքնաշարժի մը վրայ, Ալէյ-Քմաթիէ ճամբուն վրայ այլ ինքնաշարժի մը վրայ, իսկ Պշամունի մէջ Թապշ մզկիթին մօտ ինքնաշարժի մը վրայ յարձակումը ձախողեցաւ:

Միւս կողմէ, Հըզպալլան հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Իսրայէլի արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ Նահարայա, Շլոմի եւ Մաալոթ բնակեցման վայրերուն վրայ: Նահարայայի մէջ գործարան մը վնասուեցաւ:

Հըզպալլան նաեւ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Հայֆայի հարաւը գտնուող Թիրաթ Քարմել ռազմակայանին վրայ:

Կուսակցութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց Խիամ գիւղի հարաւը գտնուող Ամրա եւ Խալլեթ Ասաֆիր շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ուազզանի գետի արեւելքը հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները:

 

Նախորդը

«Աշխատանքային Ծրագիրս Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Սէյիտ Նասրալլայի Ծրագիրը Շարունակելն Է» Կ՛ըսէ Շէյխ Նայիմ Քասեմ

Յաջորդը

Ակնարկ. Ժամկէտաւոր Եւ Անժամկէտ Ուղերձներ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.