Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մինչեւ 5 Նոյեմբեր Եւ Մինչեւ 11-րդ Կէտ

October 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան դիւանագիտութեան կողմէ Լիբանանի մէջ հրադադար հաստատելու, եւ աւելի՛ն` հեռահար կտրուածքով դէպի խաղաղութիւն գործընթաց ապահովելու առումով շրջանառութեան մէջ է 11 կէտերէ բաղկացած համաձայնագիրի նախագիծ մը: Վերջնագիծը` Իսրայէլ-Լիբանան սահմանագծումն է:

Ուշագրաւը այն է, որ միեւնոյն պատուիրակը, որ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ կը վարէր խնդրոյ առարկայ կողմերուն հետ ծովային սահմանագծումը իրականացնելու, այժմ փաթեթային նախագիծ կը ներկայացնէ նոյն երկիրներուն մէջ ցամաքային սահմանագծումը իրականացնելու համար:

Մինչեւ 11-րդ կէտ հասնիլը սակայն կան թնճուկային հանգոյցներ: Հըզպալլայի ուժերու յետքաշում Լիթանիի հիւսիսային հատուած, իսրայէլեան ուժերու նահանջ «Կապոյտ գիծ»-էն անդին, լիբանանեան բանակի 8.000 զինուորներով համալրում եւ տեղակայում հարաւային շրջան, բանակի հզօրացման նպատակով միջազգային համաժողով, ինչ որ կ՛ենթադրէ միջազգային օժանդակութիւններու յանձնառութիւն, ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւններու ընդլայնում եւ լիբանանեան բանակի հետ համակարգումի մեքենականութիւններու ճշդում, Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա միացեալ վերահսկողական յանձնախումբի կազմութիւն, բանակին կողմէ Լիբանան-Սուրիա ցամաքային ճանապարհներու,  օդակայանի,  նաւահանգիստի վերահսկողութիւն:

Նկատելի է, որ ըստ էութեան 1701-ի կէտերն են այստեղ ներառուած, որոշ յաւելումներով: Իսրայէլ չէր բաւարարուած 1701-ով: Ամերիկացի պատուիրակը Պէյրութի մէջ կը յայտարարէր, որ ոչ թէ 1701-ի բովանդակութեան վրայ բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան, այլ անոր գործադրութեան եղանակներուն` աւելցնելով, որ կողմերուն կառչածութիւնը բաւարար չէ 1701-ը գործադրելու համար: Խօսքը անշուշտ Հըզպալլային մասին էր: Խնամքով անուշադրութեան կը մատնուէր այն, որ կողմերէն Պէյրութը 1701-ին կառչած կը մնար, մինչ Թել Աւիւը կ՛առաջադրէր նորացուած 1701 կամ 1701+:

Հիմա, խորքին մէջ նորացուած տարբերակն է, որ կը կազմէ առանցքը ամերիկեան դիւանագիտութեան նախագիծին: Միացեալ յանձնախումբը կամ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչները, որոնց հիմնական գործառոյթը պիտի ըլլայ ընդհանուր վերահսկողութիւնը, 1701-ի կէտերը համալրելու բաց պատուհաններ կ՛ունենայ անպայման:

Իսրայէլը երաշխիքներ կ՛ուզէ իր սահմանային բնակավայրերու անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Ամերիկեան նախագիծին մէջ կան համալրուած եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ հզօրացուելիք լիբանանեան բանակ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ընդլայնուած լիազօրութիւններ ու գործառոյթներ ունեցող ուժեր եւ արեւմտեան չորս երկիրներու համակարգումով ընդհանուր վերահսկողութեան մեքանիզմ:

Նոյնիսկ այս երաշխիքները բաւարար չեն թուիր Իսրայէլի համար, որ իր համաձայնութիւնը կ՛ուշացնէ, կը ձգձգէ, Կազան Լիբանանի թղթածրարին կը կապէ, կը տարանջատէ, վերստին կ՛աղերսէ եւ փաթեթային համաձայնութեան մասին կը խօսի:

Մինչեւ բանակցութիւններու մեկնարկ կամ զինադուլ, իսրայէլեան ռազմական վարքագիծը յստակ է: Չէզոքացնել Համասի եւ այս պարագային Հըզպալլայի զինուորական համակարգը ամբողջովին: Յայտնաբար միջազգային երաշխիքները սահմանները վերահսկելու առումով եւս չեն բաւարարեր Թել Աւիւը, որ առաջադրանք ունի Լիբանանի թէ՛ ցամաքը, թէ՛ ծովը եւ թէ՛ օդը ամբողջովին վերահսկելու:

Քաղաքական տրամաբանութեամբ Ուաշինկթընը պիտի ուզէ, որ մինչեւ 5 նոյեմբեր ամերիկեան վարչարարութիւնը յաջողի զինադուլ հաստատել երկու ուղղութեամբ: Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա իսրայէլեան մերժումը պիտի նկատենք ամերիկեան պահանջներուն հակադրութիւն: Ինչ որ նուազ հաւանական է: Եթէ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կ՛ընթանայ Իսրայէլ-Իրան փոխադարձ հարուածներու շրջագիծի, թիրախներու եւ տարողութեան ճշդումը, ապա պէտք է մտածել, որ Ուաշինկթընը կը յաջողի ապահովել թէկուզ ժամանակաւոր հրադադարի առարկայացումը:

Շարունակենք տրամաբանութիւնը եւ պահ մը ընդունինք 5 նոյեմբերի նախօրէին բեկումնային պահ ստեղծելու ներամերիկեան նշանակութիւնը: Այդ պարագային ուրեմն նաեւ` բախումներու սաստկացումը, նախքան  դիւրաբեկ կամ ժամանակաւոր խիստ թէական հրադադարի մը հաստատումը:

«Ա.»

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Դարձեալ Յարձակում Կը Գործէ Սուրի Վրայ

Յաջորդը

Անյայտ Գաղափարի Մարտիկ՝ Վտարանդին (Արամ Չարըգ – Չարըգեան)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.