Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Սպիտակ Տունը Աճուրդի Հանուած Է…

October 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մօտաւորապէս 10 օր ետք ամերիկացիք քուէատուփ պիտի երթան ընտրելու համար հանրապետութեան յաջորդ նախագահը, խորհրդարանական ներկայացուցիչներ եւ քուէ տալու այս կամ այն օրինագիծին: Ինչպէս միշտ, այս տարի ալ լուսարձակները առաւելաբար կեդրոնացած են նախագահի յաւակնորդներուն եւ անոնց մղած ընտրապայքարին վրայ:

Եթէ մրցակիցներուն (առաւելաբար Թրամփի) ցնդաբանութիւններէն եւ այլանդակ յայտարարութիւններէն բարձրացած աղմուկէն ու փոշիէն անդին նայինք, տեսանելի կ՛ըլլայ, որ նախագահական աթոռը աճուրդի հանուած է (իսկ պարզ է, որ ցնդաբանութիւնները յաճախ կը սարքուին էական հարցերէ ուշադրութիւն շեղելու դիտաւորութեամբ): Սա նորութիւն չէ, սակայն տարուէ տարի այս աճուրդը առանց քողարկումի կ’ըլլայ, ամօթի որեւէ զգացումէ ձերբազատած է ինքզինք: Աղաղակող դարձած է, թէ ընտրապայքարի համար առաւելագոյն գումարը հանգանակո՛ղն է, որ կը մտնէ Սպիտակ տուն, անկախ, թէ ի՛նչ արժանիք ունի (եթէ ունի), կամ` արդեօք օրինազա՞նց է, ստախօ՞ս, կամ իրազե՞կ` պաշտօնին պահանջներուն:

Որպէսզի «օդէն չխօսինք», արձանագրենք քանի մը փաստ. Քամալա Հերիս 5 օգոստոսին մտաւ ընտրարշաւի դաշտ: Հիմա դեմոկրատները կը յոխորտան, որ նուազ քան 3 ամսուան մէջ յաջողած է հանգանակել մէկ միլիառ տոլար (մի՛ հարցնէք, թէ այդ գումարները ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը ծախսուին, ո՞վ է շահողը): Հիմա, վերջին օրերուն, դեմոկրատները օրական քանի մը կոչերով դրամ կը մուրան համակիրներէ, որպէսզի Թրամփ յաջողութեան չհասնի:

Հանրապետականները կը փորձեն ետ չմնալ: Թրամփ ո՛չ միայն նոյնանման արշաւի կը դիմէ, յենած է իր հարստութեան, այլ իր կողքին շահած է քանի մը միլիառատէրեր, որոնք օր ցերեկով դրամ կը բաժնեն, հսկայական գումարներ կը նետեն ընտրական կրկէսին մէջ (մի՛ հարցնէք, թէ հետագային քանի՛ պատիկը վերաշահելու համար):

Մէկ խօսքով, ինքզինք ժողովրդավարութեան եւ մարդկային ամէն տեսակի իրաւունքի պաշտպան հռչակած երկրին մէջ նախագահական աթոռին կը հասնի, կրնայ հասնիլ ան, որ աւելի՛ հարուստ կը խաղայ: Նախորդ քանի մը ընտրապայքարներն ալ փաստած են այս իրականութիւնը: Օրինակ, Օպամա 2008-ին հանգանակութեան մրցանիշ հաստատեց. ըսուեցաւ, որ ան մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլար գոյացուցած էր (մրցակիցներէն շա՜տ աւելի) եւ մտաւ Սպիտակ տուն: «Աւանդութիւն»-ը շարունակուեցաւ: Ի դէպ, ան նախապէս խորհրդարանի անդամ էր, ու երբ ընտրուեցաւ, եւ այդ աթոռը թափուր մնաց, Իլինոյի կառավարիչը աճուրդի հանած էր անոր աթոռը եւ… դատական հետապնդումի ենթարկուեցաւ իբրեւ չարաշահ օրինազանց: Հիմա նման օրինազանցութիւններ պաշտօնական կնիք կը կրեն եւ կը կատարուին օր ցերեկով, հրապարակաւ, առանց խպնանքի կամ հետապնդումի, ընողն ալ հերոս կը դառնայ, ինչպէս… նոյնիքն Թրամփ, որուն 6 յունուար 2001-ի շահատակութիւնները ամրագրուեցան պատմութեան մէջ:

Ի՜նչ ժողովրդավարութիւն: Քուէի ի՜նչ  իրաւունք: Ու մարդիկ, բարեմիտ մարդիկ կը հաւատան, որ ընտրուողները իրենց քուէով կը հասնին պաշտօնի (իսկ թէ անկէ ետք ի՞նչ կ՛ընեն, խորքին մէջ` ի՞նչ չեն ըներ` իրենց խոստումները իրականացնելու համար, բոլորովին այլ պատմութիւն է): Աճուրդին գլխաւոր մասնակիցները հսկայական գումարներու տիրապետող ընկերութիւններն են ու խմբաւորումները` շահու, չարաշահութեան դաշտերու մէջ մրցակիցները, եւ ըստ էութեան,  անոնք է, որ վեր-վար կը խաղցնեն թեկնածուները, անոնց դիմաց կը տնկեն իրենց պահանջներուն ցուցատախտակները, յաղթանակ կը շնորհեն անոր (անոնց), որ կը խոստանայ առաւելագոյնն գոհացում տալ այդ պահանջներուն, դուք հասկցէք` շահու ակնկալութիւններուն: Ո՛չ ոք նստած ու հաշիւը պահած է, թէ իսկապէս քանի՞ միլիառ տոլար «կը խաղայ» ընտրապայքարի քուլիսներուն, սակարանին մէջ:

… Իսկ փոքր երկիրներու մէջ երբեմն մե՜ծ աղմուկ կը բարձրանայ փոքրագումար ընտրակաշառքի պատճառով:

23 հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Անահիտ Ալեքսանեան (ԼԲ.) Խենթութեան Եւ Ուշիմութեան Սահմանագիծին Վրայ…

Յաջորդը

Լէոնարտօ Պոնուչի Մարզիչ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.