Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուխել Անգլիոյ Ազգային Խումբին Մարզիչ

October 18, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանացի Թոմաս Թուխել նշանակուեցաւ Անգլիոյ ազգային խումբի մարզիչ: 51 տարեկան Թուխել իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 յունուար 2025-ին:

Անգլիոյ համակիրներ դժգոհութիւն յայտնեցին գերմանացի մարզիչին նշանակուելուն համար: «Կը ներէք, որ միայն գերմանական անցագիր ունիմ… իմ կարելիս պիտի ընեմ յարգանքի արժանանալու այս դիրքով` այս պաշտօնին վրայ», ըսաւ Թուխել` իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ֆութպոլի մրցակցութիւնը Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ հինէն է, եւ Թուխելի անցագիրը իր դէմ լաւապէս կրնայ օգտագործուիլ, եթէ ան լաւ արդիւնք չկարենայ ձեռք ձգել: Անգլիա, որ 1966-էն ի վեր որեւէ տիտղոս չէ շահած, 3-րդ անգամ ըլլալով օտար մարզիչի կը դիմէ: Շուէտացի Սվեն Կորան Էրիքսոն (2001-էն 2006) եւ իտալացի Ֆապիօ Քափելլօ (2008-էն 2012) նախապէս մարզած էին Անգլիոյ ազգային խումբը:

Էրիքսոն եւ Քափելլօ նախապէս բաւարար փորձառութիւն չեն ունեցած Անգլիոյ մէջ Թուխելի նման, որ 18 ամիս մարզած է Չելսին, շահած է «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ շատ սահուն անգլերէն կը խօսի:

«Յուսամ կրնամ համոզել զանոնք` փաստելով, որ հպարտ եմ Անգլիոյ ազգային խումբը մարզելուս համար», նշեց Թուխել:

Անգլիացի լրագրող Ճոնաթան Ուիլսըն յայտնեց, որ ասիկա «ձախողութեան ընդունելութիւն» մըն է:

«Կը կարծեմ, որ լաւագոյնը կը մրցի այլ երկրի լաւագոյնին դէմ, եւ այդ մէկը մինչեւ մարզիչներու պարագային պէտք է ըլլայ: Մեր մարզիկներուն համար լաւ մէկը չգտնելը մեր երկրին մէջ ամօթալի եւ ցաւալի երեւոյթ մըն է», նշեց Ուիլսըն:

 

 

Նախորդը

«Էն.Պի.Էյ.» Այսօր Նիւ Եորք Լիպըրթի Կրնայ Դառնալ Ախոյեան

Յաջորդը

Արսէն Զախարեան Մօտ Օրէն Կրնայ Վերադառնալ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.