– ԻՏԱԼԻՈՅ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի յայտարարեց, որ ուրբաթ օր պիտի այցելէ Լիբանան, եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ իտալական զօրամասին:
Մելոնի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի` Իսրայէլի միակողմանի պահանջին հիմամբ նահանջելը մեծ սխալ պիտի ըլլայ եւ վնասէ ՄԱԿ-ի հաւաստիութեան:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իտալական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ:
Ըստ իսրայէլեան բանակին, երկու կողմերը քննարկած են «Հըզպալլայի` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու դիրքերուն ու կեդրոններուն մերձակայքը Իսրայէլի դէմ գործողութիւններու շղթայազերծման համար օգտագործելը»:
Հալեւի պնդած է, որ իսրայէլեան բանակը «պիտի շարունակէ հետաքննել հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիրախաւորման պայմանները»:
– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ պըտ Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի հետ:
Քննարկուած են Լիբանանի վրայ պատերազմը դադրեցնելու կարելիութիւնը եւ Քաթարի ու Եգիպտոսի Լիբանանին աջակցութիւնը, մասնաւորաբար մարդասիրական օժանդակութիւններու ծիրին մէջ:
Քննարկուած է նաեւ նախագահական ընտրութիւնը լիբանանեան համաձայնութեամբ կատարելու հարցը:
– ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնակատարութիւնը նշեց, որ լիբանանեան հողերու 25 առ հարիւրը «դատարկման իսրայէլեան զինուորական ուղղակի հրամաններու ենթակայ է»:


