Թուրքիան կը շարունակէ խորհրդակցութիւնները շրջանային երկիրներու հետ Հարաւային Կովկասի շրջանային համագործակցութեան հարթակի միջոցով: Այս մասին «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր»-ի փոխանցումով յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան` նկատի ունենալով «3+3» ձեւաչափը (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան + Ռուսիան, Իրան, Թուրքիա):
«Մենք յոյսով ենք, որ 18 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ պիտի հիւրընկալենք այս հարթակի երրորդ հանդիպումը, որ շրջանին տէր ըլլալու վառ օրինակ է եւ նպատակ ունի Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատել խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ համագործակցութիւն: Հանդիպման ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ազրպէյճանի, Հայաստանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները», ըսած է Ֆիտան:
«3+3» ձեւաչափով նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Թեհրանի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Պոլսոյ մէջ գումարուելիք «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակի երրորդ հանդիպումին:


