Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն շաբաթ օր Հըզպալլան յորդորեց «անմիջապէս դադրեցնելու» Իսրայէլի ռմբակոծումը` յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ պէտք է «անմիջապէս» զինադադար հաստատել: Այս մասին հաղորդեց Էլիզէի պալատը:
Մաքրոն Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ պէտք է անմիջապէս զինադադար հաստատել»` Հըզպալլային կոչ ուղղելով` Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները «անմիջապէս դադրեցնելու»:
Մաքրոն նաեւ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներու աշխուժացման եւ քաղաքայիններուն վրայ անոնց աղէտալի հետեւանքներուն նկատմամբ:
Ֆրանսայի նախագահը լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց «երկրի միութեան եւ կայունութեան համար միաւորելու իրենց շարքերը»` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով` «ազգային միասնականութիւնը երաշխաւորող նախագահի մը ընտրութեան վրայ հիմնուած համախմբող քաղաքական ծրագիրի մը ճամբով միասնաբար դիմակայելու այս նոր ճգնաժամը»:
Ֆրանսայի նախագահական պալատը յայտնեց, որ Փարիզ պիտի շարունակէ համախմբել միջազգային ընտանիքը Լիբանանի ժողովուրդին եւ գերիշխանութեան զօրակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, որ 24 հոկտեմբերին պիտի գումարուի Փարիզի մէջ:
Մաքրոն վերահաստատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի նկատմամբ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը, վերանշեց անոր զինուորներուն «վերջերս արձանագրուած անարդարանալի թիրախաւորումներուն նկատմամբ իր դժգոհութիւնը»:


