Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փլասխարթ. «Ժամանակն Է Լիբանանի Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութեան Սեղան Վերադառնալու»

October 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ ՄԱԿ-ի բանբերին կազմակերպած «Կէսօրուան առօրեայ զեկուցում»-ի ընթացքին խօսք արտասանելով յայտնեց. «Ժամանակն է Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու եւ բանակցութեան սեղան վերադառնալու»:

«Այսօր կէսօրէ ետք Պէյրութէն ձեզի հետ կը կապուիմ ձեզի առանց վերապահութեան ըսելու` կացութիւնը վտանգաւոր է: Շարունակուող ռմբակոծումը առօրեայ կեանքին անբաժանելի մասը դարձաւ Լիբանանի մէջ, ուր հսկայական թիւով մարդիկ զոհերու եւ վիրաւորներու, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր տեղահանուածներու աներեւակայելի գին կը վճարեն: Զոհերուն թիւը անցաւ այն, ինչ որ տեսանք 2006-ի պատերազմին, որ մէկ ամիս տեւեց», ըսաւ ան:

«Ուստի հիմա հարցումը հետեւեալն է. ի՞նչ կարելի է ընել: Առաջին` սկսելու համար պէտք է անմիջական զինադադար ըլլայ, եւ ատիկա միակ ուղին է մարդասիրական ներկայ ահաւոր տառապանքը մեղմացնելու: Այդ զինադադարը դիւանագիտական ջանքերուն առիթ պիտի ընծայէ, որպէսզի իրենց ընթացքը առնեն եւ յաջողին: Ռմբակոծման տակ կարելի չէ ողջախոհ որեւէ քննարկում կատարել: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յոյս յայտնել, որ Իսրայէլ այժմ պատրաստ է զօրակցելու այդ կեցուածքին համար բազմաթիւ հրաւէրներուն ու կոչերուն:

«(…)Երկրորդ` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի երկու կողմերէն գործադրութեան համար իրատեսական ճամբու քարտէսի մը կարիք ունինք: (…)Անցնող 8 տարիներուն ընթացքին թիւ 1701 որոշումի չգործադրուիլն է, որ յանգեցուց մեր այսօր տեսած դժուար կացութեան:

«Երրորդ` կ՛ուզենք լիբանանեան պետութեան վերադարձը տեսնել: Կառավարութիւնը յստակ կերպով զօրակցեցաւ զինադադարին եւ ամբողջական յանձնառութիւն յայտնեց թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, եւ ատիկա ճիշդ է, սակայն չեմ կրնար բաւարար շեշտել, որ լիբանանեան միացեալ, կարող եւ պատրաստուած պետութեան գոյութիւնը շատ կենսական դարձաւ», յայտնեց Փլասխարթ:

«Պէտք է զինադադար հաստատուի, եւ հիմա պատուհանի կարիք ունինք եւ բանակցութեան սեղան վերադարձի հոլովոյթի կարիք ունինք, ուր կարելի է բոլոր կողմերուն շահերը ներկայացնել, նկատի առնել եւ գտնել տեւական լուծումներ ու անոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ` ժամանակն է զինադադար հաստատելու: Վտանգուած շատ բան կայ: Միասնաբար աշխատինք կորուստները կրճատելու», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Հոքշթայն Արաբ Պաշտօնատարներուն. «Հըզպալլան Տկարացնելը Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Անելին Վերջ Տալու Առիթ Է»

Յաջորդը

Միքաթի. «Դարձեալ Զինադադարի Հաստատման Փորձ Կատարելու Համար Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Նախօրեակին Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները Աշխուժացան»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.