Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ռազմական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ ծերակուտական Ժաք Ռիտին: Հանդիպման ներկայ էին երեք երեսփոխաններ:
Հանդիպման ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր համայնքներուն եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց Լիբանանի մէջ կարելի փութով զինադադար հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը առիթ ունեցաւ առանձին խօսակցելու ծերակուտական Ժաք Ռիտի հետ եւ անոր փոխանցելու Լիբանանի առնչուած կարգ մը մտահոգութիւններ:
Ապա, վեհափառ հայրապետին այցելեց Փրաւիտընսի քաղաքապետ Պրեթ Սմայլի:


