Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լափիտ. «Ամերիկան Նասրալլայի Սպանութենէն Առաջ Նեթանիահուի Հետ Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Էր»

October 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Ամերիկան ինծի փոխանցեց, որ (Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան) Նասրալլայի սպանութենէն առաջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ Լիբանանի մէջ 3 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացուցած է»:

Ֆրանս-ամերիկեան նախաձեռնութիւնը կոչ կ՛ուղղէր` Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ 21 օր տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու` երկու կողմերուն բանակցութիւններու վրայ աշխատելու առիթ ընծայելու համար:

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ 3 հոկտեմբերին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր. «Հըզպալլայի հանգուցեալ ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլան Իսրայէլի կողմէ սպաննուելէ քանի մը օր առաջ համաձայն գտնուեցաւ 21 օրուան տեւողութեան զինադադարի հաստատման»:

«Ան ամբողջովին համաձայն գտնուեցաւ, Լիբանան եւս համաձայն գտնուեցաւ զինադադարին, սակայն Հըզպալլայի հետ խորհրդակցաբար: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդակցեցաւ Հըզպալլայի հետ, եւ ամերիկացիներուն ու ֆրանսացիներուն ներկայացուցինք տեղի ունեցածը», նշած էր Պու Հապիպ:

«Անոնք մեզի յայտնեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւս համաձայն գտնուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Էմանուել Մաքրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան», ըսած էր ան` աւելցնելով. «Որոշուած էր, որ Սպիտակ տան աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն Լիբանան երթայ` զինադադարին շուրջ բանակցելու համար»:

«Աքսիոս» 8 հոկտեմբերին հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան կայքին յայտնած են. «Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը այլեւս չի վստահիր իր զինուորական ու դիւանագիտական ծրագիրներուն մասին Իսրայէլի կառավարութեան ըսածին»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը շեշտած է, թէ «իսրայէլացիներուն նկատմամբ մեր վստահութիւնը ներկայիս շատ ցած է եւ արդար պատճառով»` նշելով. «Պայտընի վարչակազմը քանի մը անգամ անակնկալի եկաւ իսրայէլեան զինուորական կամ հետախուզական գործողութիւններէն: Երբեմն Ուաշինկթընի հետ խորհրդակցութիւն չկատարուեցաւ կամ գործողութեան գործադրութենէն քիչ ժամանակ առաջ տեղեակ պահուեցաւ»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին բարկացաւ, երբ անոր իսրայէլացի պաշտօնակիցը գործողութենէն քանի մը վայրկեան առաջ զինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի ահաբեկումին մասին տեղեակ պահեց»:

 

Նախորդը

Միքաթի. «Դիւանագիտական Ջանքերը Կը Շարունակուին, Սակայն Իսրայէլեան Անզիջում Կեցուածքը Կը Խոչընդոտէ Անոնց Յաջողութիւնը»

Յաջորդը

Հըզպալլա Շարունակեց Հրթիռակոծել Հայֆան Եւ Դարձեալ Հարուածեց Դէպի Լապպունէ Յառաջանալ Փորձող Իսրայէլեան Ուժ Մը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.