Ազրպէյճանցի երեսփոխանները դիմած են արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին` խնդրելով խզել Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնագիրները եւ դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան` «Եու.Էս.Էյտ»-ի ծրագիրները:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի խորհրդարանի 8 հոկտեմբերի նիստի ընթացքին ըսած է խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա` պնդելով. «Պաքուն կը վարէ անկախ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւն»:
Ան յիշեցուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը. «Ոչ ոք կրնայ Պաքուին որեւէ բան թելադրել կամ միջամտել ներքին գործերուն», եւ որ իրենք «պիտի ընեն այն, ինչ որ անհրաժեշտ կը նկատեն»:
Ազրպէյճանցի երեսփոխանները դժգոհած են. «Ուաշինկթըն կը փորձէ նոր տագնապ հրահրել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ` մեծ ֆինանսական օգնութիւն յատկացնելով Երեւանին, վերազինելով երկիրը եւ ատով իսկ զայն դրդելով ոչ կառուցողական դիրքորոշում ունենալու խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն մէջ»:
«Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Սպիտակ տան քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է ճնշում գործադրել մեր երկրին վրայ` Ազրպէյճանին շրջանին մէջ յառաջատար դիրք գրաւել չարտօնելու համար», ըսած է երեսփոխան Մուշֆիգ Ճաֆարով:


