ՖԻՖԱ-ն վերջերս համամիտ եղաւ փոխանցումներու օրէնքը ժամանակաւոր փոփոխութեան ենթարկելու` օգնելով մարզիկներուն, որ փոխեն իրենց ակումբները` մասնակցելու համար ակումբներու մոնտիալի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ յունիս-յուլիս 2025-ին:
Այն մարզիկները, որոնց պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 30 յունիսին, առիթ պիտի ունենան աւելի կանուխ միանալու մէկուն այն 32 խումբերէն, որոնք կը մասնակցին ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալին, որ կը փոխարինէ միջցամաքամասային բաժակի մրցաշարքը:
Այդ մարզիկներուն կարգին են Լիվըրփուլէն` Մոհամետ Սալահ, Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ եւ Վիրժիլ Վան Տայք, Լիլի յառաջապահ Ճոնաթըն Տէյվիտ եւ Թոթենհամի խմբապետ Սոն Հիոնկ-Մին: Կան նաեւ աստղ մարզիկներ, ինչպէս` Քեւին Տը Պրունյէ (Մանչեսթըր Սիթի), Ալֆոնսօ Տէյվիս եւ Եոշուա Քիմիչ (Պայերն Միւնիխ), որոնք առայժմ չեն երկարաձգած իրենց պայմանագրութիւնները:
Միւս կողմէ, ՖԻՖԱ առաջարկեց կարճ պայմանագրութիւններու առիթ մը տալու «աստղ» մարզիկներու, որպէսզի մասնակցին այս մրցաշարքին, միեւնոյն ժամանակ ակումբներուն առիթ տալ, որ փոխարինեն իրենց մարզիկները 27 յունիսէն 3 յուլիսի ժամանակամիջոցին:


