Ռուսիան կ՛ողջունէ Եւրասիական տնտեսական միութեան աշխատանքներուն Հայաստանի աշխուժ մասնակցութիւնը:
Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` 2 հոկտեմբերին տեղի ունեցած շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
Ան աւելցուցած է, որ միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուան ափսոսանք կը յայտնէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գործունէութեան շարունակական սառեցման համար:
«Կը կարծենք` ՀԱՊԿ-ն կարեւոր դերակատարութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ, իսկ ԵԱՏՄ-ն` տնտեսութեան: Սակայն Հայաստանը` իբրեւ գերիշխան պետութիւն, ինք կ՛որոշէ իր քաղաքականութիւնը», նշած է Մարիա Զախարովա:


