Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեղորայքի Մատակարարումը Առաջնահերթ Է

October 4, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ-ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

2023 փետրուարէն սկսեալ  «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամը, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր օգնութիւն կը տրամադրէ Լիբանանի կարիքաւորներուն: Անոր նպատակն է  անհրաժեշտ սննդամթերք եւ բժշկական աջակցութիւն տրամադրել անապահով համայնքներուն:

Կարեկցանքի եւ նուիրուածութեան միջոցով հիմնադրամը կը ձգտի մեղմել սովը եւ բարելաւել խոցելի բնակչութեան բարեկեցութիւնը:

«Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամի տնօրէն տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանը նպատակ ունի ապահովել առողջ սնունդ եւ դեղորայք` կեդրոնանալով Լիբանանի Պէյրութի եւ Թրիփոլիի անհատներու կամ համայնքներու առողջութեան ու բարեկեցութեան աջակցելու վրայ:

Օգոստոս 2024-ին դեղորայք պատրաստուեցաւ եւ մատակարարուեցաւ Թրիփոլի համայնքի 57 անհատներու: Դեղերը պատրաստուեցան  անհատական փաթեթներով եւ  բժիշկի դեղագիրին համապատասխան` չորս ամսուան օգտագործման համար:

Այս հիմնադրամէն օգտուող անհատները կը փոխանցեն իրենց փոքր մասնակցութեան գինը, կը ստորագրեն եւ կը ստանան իրենց անհատական բժշկական փաթեթը:

Բոլորը կ՛արտայայտեն մեծ գնահատանք, անսահման բաւարարուածութիւն, ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն:

Այս աշխատանքը գետնի վրայ կը կատարէ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումը, որ հոգատար եւ բծախնդիր կերպով 145 լիբանանահայերու չորս ամսուան անհրաժեշտ դեղերու արձանագրութիւնն ու պատրաստութիւնը ըրաւ:

Համայնքին անդամները նաեւ քաջառողջութեան յատուկ մաղթանքներ կը ստանան եւ օրհնուած մոմեր` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն, Վաղարշապատ, Հայաստան:

Վարուժ Ալթըպարմաքեան պիտի շարունակէ իր թանկ առաքելութիւնը, յատկապէս` Լիբանանի այս դժուարին եւ տնտեսական ճգնաժամային օրերուն, երբ դեղորայքը դժուար գտանելի ու սուղ է, ինչ որ մեծ անհանգստութիւն եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ լիբանանահայ կարիքաւորներուն:

«Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամին նպատակն է թեթեւցնել տառապանքը, բարելաւել կեանքի որակը եւ նպաստել Լիբանանի հանրային առողջութեան ընդհանուր բարելաւման, ինչպէս նաեւ` հոգալ բժշկական ծախսերը այն անհատներուն, որոնք անկարող են նման գումարներ ապահովել` այսպիսով նուազեցնելով առողջապահութեան ֆինանսական բեռը:

Պէյրութ, Լիբանան

Նախորդը

Տարիքս

Յաջորդը

Մեր Դատումներով Ու Դիտարկումներով. Լիբանան Եւ Պաղեստին Այլընտրանք Ունի՞ն Բացի Ինքնապաշտպանութենէն, Ինչ Որ Զլացուեցաւ Հայութեան

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.