ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրերէ ի վեր դարձեալ անտրամադիր, քիչ մը յոգնածութիւն, քիչ մըն ալ ծուլութիւն` զիս նետած էին տանս մէկ անկիւնը, առանձնացած` սենեակէս ներս: Այս ա՛յն սենեակն է, որ Ամերիկան եւ ուրիշ շատ բաներ օրին արդէն դուրս ձգած էի: Սենեակս` այդ չորս պատերով, երկու պատուհաններով եւ երկար-նիհար գրադարանով զարդարուած, նոյնիսկ դրացի իսկ չունի: Շատ կը սիրեմ հոն առանձնանալ: Հաստատապէս կը սիրեմ առանձնութիւնս, որովհետեւ ինքն է, որ կ՛առաջնորդէ մտածումներս, որոնք միակ մտերիմներս են: Անոնցմով է, որ կ՛ապրին յուշերս, որոնք ինծի համար տակաւին պահած են իրենց գեղեցկութիւնն ու հրապոյրը:
Չեմ փորձեր այս տողերովս աշխարհը համոզել: Պարզապէս կ՛ուզեմ յայտնել, որ կարճ եւ երկար օրերու շարանով փորձեցի հեռանալ շրջապատէս եւ նոյնիսկ յաճախ ալ` ես ինձմէ: Անծրագիր ժամերու շարան մը, առաւել` անկանոն մտքերու հոսքով, զիս իր ուղին կորսնցուած ճամբորդի մը վերածած էր: Ապրումիս ջերմութիւնն իսկ կորսնցուցած էի: Որովհետեւ ես ինծի հետ հաշտ չէի: Աչքերուս մէջ կարելի էր կարդալ անմիջական գունաւոր եւ անգոյն մտահոգութիւններ, որոնք տակաւին մտքիս պատերուն վրայ կառչած մնացած էին:
Ու չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս, յանկարծ առաւօտ մը անդրադարձայ, որ լուռ եմ: Անխօս եւ աշխարհէն կարծես կտրուած ու քաշուած կեանք մըն էր, որ կ՛ապրէի: Անաղմուկ եւ անտարբեր: Ա՛ռ քեզի նորութիւն:
Բոլորը տեղեակ էին, որ ատենէ մը ի վեր ոչ մէկ ձայն-ձիւն կը լսուէր ինձմէ: Բայց, ոչ ոք կը հետաքրքուէր: Որո՞ւ հոգը: Ամէն մարդ իր մտահոգութիւնն ու զբաղումը ունէր…: Ուրեմն սխալ բան մը ըլլալու էր, կ՛ըսէի մտովի: Ինծի այսքա՜ն լռութիւն չէր վայելեր: Ամէն օր եւ ամէն վայրկեան այս աշխարհի վրայ տեսակաւոր լուրեր մարդոց ականջները կը լեցնէին. իսկ ինձմէ` ոչ մէկ բառ, եւ կամ բախտաւոր պարագային` ոչ մէկ կարծիք: Հիմա ալ, մեղքի մը զգացումը ապրելով, ինքզինքս յանցաւոր կը գտնէի:
Երբեմն կը պատահի, որ հսկայ գործարանի մը աղմկոտ մեքենաները յանկարծ կանգ առնեն` եւ այս ձեւով զայն լռութեան դատապարտելով, կը ծածկեն իրենց իսկ ստեղծած ժխորը: Անկեղծօրէն ճիշդ այդ օրերուն բոլոր մտածումներս, կարծես խօսքերնին մէկ ըրած, կանգ առած էին: Ուղղակի սառած: Կատարեալ լռութիւն:
Ուստի նախ փորձեցի ձեւով մը այս անկանոն իրավիճակէս դուրս գալ: Ամփոփուիլ: Լրջանալ եւ կեդրոնանալ… հանդարտ անկեղծութեամբ: Նաեւ արագօրէն փորձեցի եզրակացութեան մը յանգիլ, ինքզինքիս հետ հարցազրոյց մը ընելով` մտքիս մէջ նոր բոյն դրած բոլոր «ինչո՞ւ»-ներուս պատասխան մը գտնելու համար:
Ու սկսայ ես ինծի հարց տալ: Անձիս հետ խօսած պահուս զիս տեսնողները պիտի կարծէին, որ խելքս «թռցուցած էի»: Մէկ խօսքով` խենթացած: Պարզ խենթ մը, եթէ կ՛ուզէք: Պարզ եւ նոյնքան` անվնաս, որուն նոյնիսկ ձայնը դուրս չէր գար: Իբրեւ հակադարձութիւն` կ՛արդարանայի, թէ ինծի նման հաւանաբար կային հազարաւոր մարդիկ, որոնք ճամբան քալած պահուն, կամ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ մինակնին կը խօսէին: Նոյնիսկ շատերու ծանօթ էի, որոնք իրենց առանձնութեան մէջ, անձայն, ձեռքով ու ոտքով, իրենք իրենց կը խօսէին: Է՜հ, ասոնք բոլորն ալ խե՞նթ պէտք էր հաշուել: Մեղա՜յ: Չեմ կարծեր:
Մարդիկ, մտահոգ մարդիկ, ընդհանրապէս իրենց առանձին գտնուած պահուն, այդ մինակութիւն ըսուած «երանելի» պահուան մէջ, վարժութիւն ըրած էին խօսելու, բայց… խենթեր չէին, այլ պարզ սովորութիւն… վերջապէս, կը համոզէի ես զիս:
Գիտեմ, որ ամերիկեան հեւքին մէջ շատ ծանր կը պայքարինք բան մը պահելու համար: Ուստի փորձեցի միտքերուս յիշողութեանս գետին վրայ նաւարկել: Չէի ուզեր զոհ մը դառնալ մտայնութեան եւ անողոք իրականութեան: Կամաւոր մեկուսացումն մըն էր, որ կ՛ապրէի եւ ապրեցայ: Բայց որո՞ւ հոգը:
Ապա ամչկոտ նայուածքով ես զիս դիտեցի հայելիին մէջ: Իրապէս կը փնտռէի վերադարձի բերող յուշ մը: Անոր համար փորձեցի չափել մտահոգութիւններուս անգոյն եւ գունաւոր հետեւանքներն ու անցուդարձերը: Գիտէի, որ լռութեան համար ականջներու կարիք չկար, այլ` միայն զգացող սիրտ: Կարօտի ծանրութեան տակ` սիրտ:
Կը զգայի, որ մէջս լարում մը կար աճող ալիքի նման: Միշտ փորձած էի վերադառնալ էութեանս ու մնալ անոր հաւատարիմ, ուղեղիս իմաստ տուող բառերով: Չէի ուզեր շրջապատիս աղմուկին մէջ ծերանալ: Որովհետեւ կը հաւատայի, որ տակաւին արեւս չէի կորսնցուցած: Ջիղերու ներքին պայքարն է, որ կը տկարացնէ սիրտս…ինքզինքս կը համոզէի:
Ու հիմա, այս բոլորէն ետք, չեմ գիտեր` որքան ժամանակէ ի վեր աթոռիս վրայ գամուած մնացած, հանդարտ անկեղծութեամբ մը կ՛ուզեմ այս մէկն ալ խոստովանիլ, որ շատերուն նման` ես ալ իմ հացս գրական քրտինքին հետ կապելս, իսկապէս զիս դէպի յուսախաբութիւն առաջնորդած եւ երբեմն ալ դէպի դժբախտութիւն տարած պիտի ըլլար: Աւելի՛ն. յաճախ կը զգամ արդէն, որ տարիքիս հետ, մանուկի մը յափշտակութիւնը կայ աչքերուս մէջ: Տարեկիցներուս նման` ես ալ ընտանիքէս ետք հայրենիքովս ու ծննդավայրովս կը խանդավառուիմ, եւ յաճախ այս երկուքին կարօտն է, որ զիս կը բռնէ լալու աստիճան:
Ու ամէն լուսաբացին, երբ մտնեմ նոր օրուան մը կեանքին մէջ, կը զգամ, որ արդէն ինքնաբերաբար կամաց կամաց մտած եմ հին սերունդի սահմաններէն ներս:
Հաստատ գիտեմ, որ որոշ տարիքէ ետք դժուար է բռնել կեանքը: Ու երկարօրէն կը մտածեմ մերիններուն, հարազատներուս ապագայի մասին:
Իբրեւ հայեր, գիտեմ, որ աշխարհի տարածքին, մեր կեանքը ամէն տեղ եւ ներքնապէս կը հիւծեն մեր ազգին մարմինը: Անոր համար զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ինքնաբերաբար տրամադրութիւնդ քեզ տարբեր ուղիներ կ՛առաջնորդէ:
Ու երկար կը մտածես` ինչպէ՛ս թափանցել կեանքի նման քաոսէն ներս, երբ խճողուած են ժամանակներն ու մարդիկ: Ինչպէ՞ս համակրանք ստեղծել: Ահա` ինքնագիտակցութեան բերող յուշ: Ուստի կ՛ուզեմ եւ միշտ կը փորձեմ գիտակցիլ ու մնալ արթուն, որպէսզի հաւատքս թանգարանի բնակիչ չդառնայ:
Ու թէեւ ազատութիւնս աշխատութեանս սեղանին կապած էի, ու թէեւ մնացած էի մենակութեան խճողումին մէջ եւ` լռութիւնը վերնագիրը դարձուցած տողերուս, սակայն ուրիշը այպանելու պէտք չունէի:
Երբեմն նոյնիսկ վախցած էի մտածելէ: Հաստատօրէն կ՛ուզէի ներշնչման նոր աղբիւրներ որոնել: Կեանքս վերաշինել: Կրկին հաւաքել մտքիս պատերուն վրայ կառչած մնացած գաղափարները: Որպէսզի կրկին ծոյլ աշակերտ մը չդառնայի: Այլ խօսքով, ներկայէն չէի ուզեր բացակայիլ:
Երանութեան փնտռտուք:
Արդեօ՞ք քաջութիւնը ունեցայ իմ մասին համարձակ արտայայտուելու:


